ՍԱՂՄՈՍ 48

Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ, Իր սուրբ լերանը վրայ։
2 Գեղեցիկ բարձրութիւնով, Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝ Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է, Մեծ Թագաւորին քաղաքը։
3 Աստուած անոր պալատներուն մէջ Իբր ապաւէն ճանչցուած է։
4 Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան, Անոնք միացան իրարու։
5 Անոնք տեսան ու զարմացան. Զարհուրեցան ու շուտով փախան։
6 Հոն դող մը բռնեց զանոնք Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։
7 Արեւելեան հովով Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։
8 Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ, Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ. Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)
9 Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք Քու տաճարիդ մէջ։
10 Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած, Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է. Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։
11 Սիօն լեռը թող ուրախանայ, Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան Քու դատաստաններուդ համար։
12 Սիօնին չորս կողմը պտըտեցէ՛ք Ու անոր բոլորտիքը շարուեցէ՛ք Ու աշտարակները համրեցէ՛ք.
13 Ուշադրութեամբ դիտեցէ՛ք անոր պարիսպները, Անոր պալատները զննեցէ՛ք, Որպէս զի գալու ազգին պատմէք։
14 Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից. Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։