ՍԱՂՄՈՍ 50

Աստուածներուն Աստուածը, Տէրը, խօսեցաւ Ու երկիրը կանչեց արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք։
2 Սիօնէն, գեղեցկութեան կատարելութենէն, Աստուած փայլեցաւ։
3 Մեր Աստուածը պիտի գայ ու պիտի չլռէ. Անոր առջեւ մաշող կրակ, Ու բոլորտիքը սաստիկ փոթորիկ պիտի ըլլայ։
4 Վերէն պիտի կանչէ երկինքը Ու երկիրը՝ իր ժողովուրդը դատելու համար։
5 «Ինծի հաւաքեցէք իմ սուրբերս Ու ինծի հետ զոհով ուխտ ընողները»։
6 Երկինքները անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն, Վասն զի Աստուած ինք դատաւոր է։ (Սէլա։)
7 «Լսէ՛, ով իմ ժողովուրդս ու խօսիմ, Ով Իսրայէլ ու քեզի վկայութիւն ընեմ, Թէ ես եմ Աստուած, քու Աստուածդ։
8 Ոչ թէ քու զոհերուդ համար քեզ կը յանդիմանեմ Ու քու ողջակէզներուդ համար՝ որոնք միշտ իմ առջեւս են։
9 Քու տունէդ զուարակ չեմ առներ, Ոչ ալ քու գոմերէդ՝ նոխազներ։
10 Վասն զի իմս են անտառին բոլոր գազանները, Հազարաւոր լեռներուն անասունները։
11 Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները Ու դաշտի գազանները իմ քովս են՝ ՝»։
12 «Եթէ անօթենամ՝ քեզի պիտի չըսեմ. Վասն զի աշխարհ ու անոր լիութիւնը իմս է։
13 Միթէ ես ցուլերու միս կ’ուտե՞մ Կամ նոխազներու արիւն կը խմե՞մ։
14 Շնորհակալութեան զոհ մատուցանէ Աստուծոյ, Ու քու ուխտերդ կատարէ Բարձրելոյն
15 Ու նեղութեան օրը ինծի կանչէ. Ես քեզ պիտի ազատեմ ու դուն զիս պիտի փառաւորես»։
16 Սակայն Աստուած ամբարշտին կ’ըսէ. «Քեզ ի՞նչ՝ որ դուն իմ օրէնքներս կը պատմես Ու իմ ուխտս բերանդ կ’առնես։
17 Վասն զի դուն խրատը ատեցիր Ու իմ խօսքերս ետիդ ձգեցիր.
18 Գողը տեսնելով՝ անոր հետ միաբանեցար Ու շնացողներուն հետ բաժին ունեցար.
19 Քու բերանդ չարութեան տուիր, Ու քու լեզուդ նենգութիւն կը հնարէ.
20 Կը նստիս եղբորդ դէմ կը խօսիս, Մօրդ որդիին դէմ չարախօսութիւն կ’ընես։
21 Այս բաները ըրիր ու ես լռեցի. Կարծեցիր թէ ես բոլորովին քեզի կը նմանիմ, Բայց քեզ պիտի յանդիմանեմ Ու աչքերուդ առջեւ պիտի շարեմ քու ըրածներդ։
22 Արդ, իմացէ՛ք ասիկա, ո՛վ դուք Աստուած մոռցողներ. Չըլլայ որ ձեզ պատռեմ եւ ազատող մըն ալ չգտնուի։
23 Շնորհակալութիւն մատուցանողը զիս կը փառաւորէ. Ու իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին Պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։