ՍԱՂՄՈՍ
ՍԱՂՄՈՍ 5
Ո՛վ Տէր, ականջ դիր իմ խօսքերուս, Միտքդ առ իմ աղաղակս։
2 Իմ կանչելուս ձայնին մտիկ ըրէ, ո՛վ իմ Թագաւորս ու Աստուածս, Վասն զի ես քեզի կ’աղաչեմ։
3 Ո՛վ Տէր, առտուն պիտի լսես իմ ձայնս. Առտուն պատրաստ պիտի ըլլամ քեզի ու սպասեմ։
4 Վասն զի դուն անօրէնութիւն ուզող Աստուած չես. Չարը քու քովդ պիտի չբնակի։
5 Հպարտները քու աչքերուդ առջեւ պիտի չկենան. Բոլոր անօրէնութիւն գործողները կ’ատես.
6 Սուտ խօսողները կը կորսնցնես։ Տէրը արիւնահեղ ու նենգաւոր մարդէն կը զզուի։
7 Բայց ես քու ողորմութեանդ շատութիւնովը քու տունդ պիտի մտնեմ. Քու վախովդ երկրպագութիւն պիտի ընեմ քու սուրբ տաճարիդ մէջ։
8 Ո՛վ Տէր, քու արդարութիւնովդ ինծի առաջնորդ եղիր թշնամիներուս համար. Քու ճամբադ շտկէ իմ առջեւս.
9 Վասն զի անոնց բերնին մէջ ճշմարտութիւն չկայ, Անոնց ներսիդին չարութիւն կայ։ Անոնց կոկորդը բաց գերեզման է, Իրենց լեզուովը նենգաւոր եղան։
10 Ո՛վ Աստուած, յանցաւոր հանէ զանոնք. Իրենց խորհուրդներովը թող իյնան. Անոնց շատ ամբարշտութիւններուն համար հալածէ՛ զանոնք. Վասն զի քեզի դէմ ապստամբեցան։
11 Բայց բոլոր քեզի յուսացողները թող ուրախ ըլլան. Յաւիտեան թող ցնծան, վասն զի դուն զանոնք կը պաշտպանես Եւ քու անունդ սիրողները թող քեզմով զուարճանան։
12 Վասն զի դուն պիտի օրհնես արդարը, ո՛վ Տէր, Բարի կամեցողութիւնով անոր չորս կողմը պիտի պատես՝ որպէս թէ վահանով մը։