ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 42

Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.
2 «Գիտեմ որ ամէն բանի կարող ես Ու քու դիտաւորութիւնդ բնաւ պարապ չ’ելլեր։
3 Ո՞վ է անիկա որ տգիտութեամբ խորհուրդը կը նսեմացնէ։ Արդարեւ կը խօսէի, բայց չէի հասկնար. Ինծի սքանչելի բաներ ըլլալով՝ չէի իմանար։
4 Կ’աղաչեմ, մտիկ ըրէ որպէս զի ես խօսիմ, Քեզի հարցնեմ ու ինծի սորվեցուր,
5 Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, Բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։
6 Անոր համար իմ անձս կ’արհամարհեմ, Հողի ու մոխիրի վրայ կը զղջամ»։
7 Արդ՝ Տէրը՝ Յոբին այս խօսքերը լսելէն յետոյ՝ Եղիփազ Թեմանացիին ըսաւ. «Քու վրադ ու երկու ընկերներուդ վրայ իմ բարկութիւնս բորբոքեցաւ, վասն զի ինծի համար իմ Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք։
8 Ուստի հիմա ձեզի եօթը զուարակ ու եօթը խոյ առէք ու Յոբ ծառայիս երթալով՝ ձեզի համար ողջակէզ մատուցանեցէք եւ իմ Յոբ ծառաս ձեզի համար աղօթք թող ընէ, որպէս զի ես ալ անոր աղօթքը ընդունելով՝ ձեր անմտութեանը պէս չընեմ ձեզի. վասն զի իմ առջեւս Յոբ ծառայիս պէս շիտակ չխօսեցաք»։
9 Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացի ու Բաղդատ Սօքեցի եւ Սոփար Նաամացի երթալով՝ Տէրոջը իրենց ըսածին պէս ըրին եւ Տէրը Յոբին աղօթքը ընդունեց։
10 Եւ Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը՝ իր բարեկամներուն համար աղօթք ըրած ատենը. նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ։
11 Եւ անոր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը եւ նախապէս բոլոր զանիկա ճանչցողներն ալ միասին անոր մօտ գալով՝ անոր տանը մէջ հաց կերան անոր հետ ու անոր համար ցաւելով՝ Տէրոջը անոր ղրկած բոլոր փորձանքին համար զինք մխիթարեցին։ Ամէն մէկը մէկմէկ կտոր ստակ ու մէկմէկ ոսկի օղ տուին անոր։
12 Տէրը Յոբին վերջը առաջինէն աւելի օրհնեց. այնպէս որ տասնըչորս հազար ոչխար ու վեց հազար ուղտ եւ հազար զոյգ եզ ու հազար մատակ էշ ունեցաւ։
13 Եւ անոր եօթը տղայ եւ երեք աղջիկ ծնան։
14 Մէկ աղջկան անունը Եմիմա ու երկրորդին անունը Կասիա ու երրորդին անունը Կերենհապուք դրաւ։
15 Եւ բոլոր երկրին վրայ Յոբին աղջիկներուն պէս գեղեցիկ կիներ չէին գտնուեր ու հայրերնին անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց եղբայրներուն հետ։
16 Եւ ասկէ ետք Յոբ հարիւր քառասուն տարի ապրելով՝ տեսաւ իր որդիներն ու իր որդիներուն որդիները մինչեւ չորրորդ ազգը։
17 Ու Յոբ ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ։