ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 6
Յոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2 «Երանի՜ թէ իմ տրտմութիւնս աղէկ կշռուէր Ու իմ թշուառութիւնս մէկտեղ կշիռքի մէջ դրուէր։
3 Քանզի հիմա անիկա ծովուն աւազէն ծանր կ’ըլլայ. Անոր համար իմ խօսքերս կը հատնին։
4 Որովհետեւ Ամենակարողին նետերը իմ ներսիդիս են, Որոնց թոյնը իմ հոգիս կը ծծէ։ Աստուծոյ արհաւիրքները ինծի դէմ պատերազմելու շարուած են։
5 Միթէ վայրենի էշը խոտին քով կը զռնչէ՞. Կամ եզը իր մսուրին քով կը բառաչէ՞.
6 Անհամ բանը առանց աղի կ’ուտուի՞. Հաւկիթին ճերմկուցին մէջ համ կա՞յ արդեօք։
7 Այն բաները, որոնց սիրտս չէր ուզեր դպչիլ, Իմ զազրելի կերակուրս եղան։
8 Երանի՜ թէ ուզածս կատարուէր Ու տար Աստուած այն բանը, որուն կը սպասէի,
9 Այսինքն Աստուած զիս ճնշել ուզէր Ու ձեռքը երկնցնելով զիս կործանէր։
10 Բայց տակաւին մխիթարութիւն պիտի ունենամ Եւ անողորմ ցաւին մէջ պիտի ուրախանամ, Քանզի ես Սուրբին խօսքերը չուրացայ։
11 Ոյժս ի՞նչ է որ դիմանամ Ու վախճանս ի՞նչ է, որ կեանքս երկնցնեմ։
12 Միթէ իմ ոյժս քարերո՞ւ ոյժ է, Կամ թէ մարմինս պղնձեղէ՞ն է։
13 Չէ՞ որ օգնութենէ զուրկ եմ Ու ձեռնտուութիւնը հեռացած է ինծմէ։
14 Ան որ բարեկամի մը օգնութիւնը կը հեռացնէ, Ամենակարողին վախը կը մերժէ։
15 Իմ եղբայրներս հեղեղներու պէս խաբեցին զիս, Ձորերու հեղեղատներու պէս՝ որոնք կ’անցնին.
16 Որոնք սառէն պղտորած են, Երբ անոնց մէջ ձիւնը կը ծածկուի՝ ՝.
17 Տաքը տեսածնուն պէս կը հալին, Խիստ տաք ատեն իրենց տեղէն աներեւոյթ կ’ըլլան։
18 Կարաւանները իրենց ճամբան կը դարձնեն, Բայց դատարկ ելլելով՝ կը կորսուին.
19 Թեմայի կարաւանները նայեցան, Սաբայի ճամբորդները անոնց յուսացին.
20 Երբ կը յուսային՝ ամչցան, Երթալու ատեն կարմրեցան։
21 Արդարեւ ինծի անօգուտ եղաք, Թշուառութիւն տեսաք ու սոսկացիք։
22 Ես ձեզի ըսի՞՝ «Ինծի բերէք Ու ձեր ստացուածքէն ընծայ տուէք ինծի։
23 Կամ՝ զիս թշնամիին ձեռքէն ազատեցէք Ու բռնաւորներուն ձեռքէն զիս փրկեցէք»։
24 Սորվեցուցէք ինծի, որ լուռ կենամ Ու հասկցուցէք ինծի, թէ ի՞նչ բանի մէջ սխալեր եմ։
25 Ուղիղ խօսքերը որչա՜փ զօրաւոր են. Բայց ձեր յանդիմանութիւնը ի՞նչ կը նշանակէ։
26 Ձեր կշտամբող խօսքերը զիս չեն կրնար լռեցնել Եւ ոչ ալ ձեր խօսքերուն պիտի անսամ։
27 Մանաւանդ որբին համար որոգայթ կը լարէք Ու ձեր բարեկամին համար հոր կը փորէք։
28 Հիմա հաճեցէք ինծի նայիլ։ Սուտ կը խօսի՞մ ձեր առջեւ։
29 Դարձէ՛ք, կ’աղաչեմ, որ անիրաւութիւն չըլլայ։ Այո՛, դարձէ՛ք, քանզի ասով իմ արդարութիւնս կը յայտնուի։
30 Միթէ իմ լեզուիս վրայ անիրաւութիւն կա՞յ. Միթէ իմ քիմքս չար բաները չի՞ կրնար զանազանել»։