ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 27
Յոբ դարձեալ իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2 «Իմ իրաւունքս մէկդի դնող Աստուածը Ու հոգիս դառնութեամբ լեցնող Ամենակարողը կենդանի է։
3 Քանի որ շունչս վրաս է Ու ռնգունքներուս մէջ Աստուծոյ հոգին կայ,
4 Շրթունքներս անիրաւ բան մը պիտի չըսեն Ու լեզուս նենգութիւն պիտի չխօսի։
5 Քա՛ւ լիցի, որ ձեզ արդարացնեմ։ Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ։
6 Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում Ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս։
7 Իմ թշնամիս ամբարշտի պէս պիտի ըլլայ Ու ինծի դէմ ելլողը՝ անզգամի պէս։
8 Քանզի կեղծաւորին յոյսը ի՞նչ է (թէեւ հարստութիւն ալ դիզած ըլլայ), Երբ Աստուած անոր հոգին առնէ։
9 Միթէ Աստուած անոր աղաղակը պիտի լսէ՞, Երբ անոր վրայ փորձանք գայ։
10 Անիկա Ամենակարողին վրայ պիտի ուրախանա՞յ. Ամէն ժամանակ Աստուծոյ պիտի աղաղակէ՞։
11 Աստուծոյ ձեռքին մէջ եղածը ձեզի պիտի սորվեցնեմ. Ամենակարողին քով եղածը պիտի չծածկեմ։
12 Ահա դուք ամէնքդ ալ տեսաք Ու ինչո՞ւ այդպէս բոլորովին ունայնացեր էք։
13 Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը Աստուծոյ առջեւ Ու բռնաւորներուն Ամենակարողէն առնելու ժառանգութիւնը.
14 Եթէ անոր տղաքը շատնան, սուրի համար է Ու անոր սերունդը հացով պիտի չկշտանայ։
15 Անոր մնացորդները ժանտախտով պիտի թաղուին, Բայց անոր որբեւարիները պիտի չլան։
16 Թէեւ հողի պէս արծաթ դիզէ Ու տիղմի պէս հանդերձներ պատրաստէ,
17 Անիկա պիտի պատրաստէ, բայց արդարը պիտի հագնի Ու անմեղը արծաթը պիտի բաժնէ։
18 Իրեն տուն մը կը շինէ սարդի ոստայնի պէս Ու այգիի պահապանին շինած խրճիթին պէս։
19 Հարուստը կը պառկի ու չ’ամփոփուիր. Աչքերը կը բանայ ու՝ ՝ ոչինչ կ’ըլլայ։
20 Արհաւիրքը ջուրերու պէս անոր պիտի հասնի։ Գիշերով փոթորիկը պիտի յափշտակէ զանիկա։
21 Արեւելեան հովը պիտի քշէ զանիկա ու ան պիտի երթայ Ու փոթորիկի պէս զանիկա իր տեղէն պիտի վերցնէ։
22 Ամենակարողը իր նետերը անոր դէմ պիտի նետէ ու պիտի չխնայէ. Ան ալ պիտի ջանայ անոր ձեռքէն փախչիլ։
23 Անոր համար ծափ պիտի զարնեն Ու անոր եղած տեղէն անոր դէմ պիտի սուլեն»։