ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 34
Այն ատեն Եղիուս իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.
2 «Ո՛վ իմաստուններ, իմ խօսքերուս մտիկ ըրէք Եւ դո՛ւք, ո՛վ գիտուններ, ինծի ականջ դրէք։
3 Քանզի ականջը խօսքերը կ’որոշէ, Ինչպէս քիմքը կերակուրին համը կ’առնէ։
4 Իրաւունքը մեզի ընտրենք, Մեր մէջ գիտնանք թէ ո՞ր բանը աղէկ է։
5 Որովհետեւ Յոբ ըսաւ. ‘Ես արդար եմ, Բայց Աստուած իմ իրաւունքս մէկդի ձգեց։
6 Միթէ իմ իրաւունքս սո՞ւտ պիտի հանեմ. Իմ վէրքս մահաբեր է, թէեւ յանցանք չունիմ’։
7 Յոբի պէս մարդ ո՞վ կայ, Որ հայհոյութիւնը ջուրի պէս խմէ.
8 Որ անօրէնութիւն գործողներուն հետ ընկերութեամբ պտըտի Ու ամբարիշտ մարդոց հետ քալէ.
9 Վասն զի ըսաւ. ‘Աստուծոյ հաճոյ ըլլալէն մարդուս օգուտ մը չկայ’։
10 Ասոր համար ինծի մտիկ ըրէք, ո՛վ իմաստուններ, Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն Ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ։
11 Որովհետեւ Անիկա մարդուն ըրածին համեմատ կը հատուցանէ Ու ամէն մարդու՝ իր ճամբուն համեմատ գտնել կու տայ։
12 Արդարեւ Աստուած անօրէնութիւն չ’ըներ Ու Ամենակարողը դատը չի ծռեր։
13 Երկիրը ո՞վ յանձնեց անոր Ու բոլոր աշխարհը ո՞վ կարգի դրաւ։
14 Եթէ իր սիրտը այսպէս ուզելու ըլլայ՝ ՝, Մարդուս հոգին ու շունչը իրեն կը հաւաքէ։
15 Այն ատեն ամէն մարմին մէկէն կը մեռնի Ու մարդը հող կը դառնայ։
16 Հիմա եթէ հասկացողութիւն ունիս՝ ասոր մտիկ ըրէ. Խօսքերուս ձայնին ակա՛նջ դիր։
17 Միթէ արդարութիւնը ատողը կրնա՞յ իշխել, Կամ արդար Հզօրը յանցաւոր կրնա՞ս հանել։
18 Ան՝ որ թագաւորին կ’ըսէ՝ ‘Եղեռնագործ ես’ Ու ազնուականներուն՝ թէ ‘Չար մարդիկ էք’.
19 Ան՝ որ իշխաններուն աչառութիւն չ’ըներ Ու հարուստը աղքատէն աւելի չի խնամեր, Որովհետեւ անոնք բոլորն ալ իր ձեռքերուն գործերն են,
20 Մէկ վայրկեանի մէջ պիտի մեռնին։ Կէս գիշերին ժողովուրդը խռովութեան մէջ իյնալով՝ պիտի անցնին Ու զօրեղները պիտի վերցուին՝ առանց մէկուն ձեռքը անոնց դպչելուն։
21 Վասն զի Անոր աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են Ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն։
22 Ո՛չ խաւար կայ եւ ո՛չ մահուան շուք՝ Որ անօրէնութիւն գործողները հոն պահուըտին։
23 Վասն զի մարդուս վրայ երկար քննութիւն չ’ըներ՝ ՝. Երբ անիկա Աստուծոյ առջեւ դատաստանի երթայ։
24 Անիմանալի կերպով՝ ՝ զօրաւորները կը կոտրէ Ու անոնց տեղը ուրիշներ կը հաստատէ։
25 Քանզի անոնց գործերը գիտէ Ու զանոնք գիշերով տակնուվրայ կ’ընէ ու կը խորտակուին։
26 Անոնց ամբարիշտ ըլլալուն համար՝ Ամենուն առջեւ՝ ՝ զանոնք կը զարնէ։
27 Որովհետեւ անոր չհետեւեցան Ու անոր ճամբաները բնաւ չճանչցան.
28 Այնպէս որ աղքատին աղաղակը անոր հասցուցին Ու անիկա զրկեալներուն աղաղակը լսեց։
29 Եթէ անիկա հանգստութիւն տայ, Ո՞վ կրնայ նեղութիւն տալ։ Ու եթէ անիկա երեսը պահէ, Ո՞վ կրնայ զանիկա տեսնել Ու այսպէս է թէ՛ ազգի մը եւ թէ՛ մարդու մը։
30 Որպէս զի կեղծաւոր մարդը չթագաւորէ Ու ժողովուրդին որոգայթ չըլլայ։
31 Արդարեւ պէտք է Աստուծոյ ըսել՝ ‘Պատիժ կրեցի, ա՛լ չարութիւն չեմ ըներ.
32 Ինծի ցուցուր ինչ որ չեմ տեսներ. Եթէ ամբարշտութիւն գործեցի, ա՛լ չեմ գործեր’։
33 Արդեօք քու ուզածի՞դ պէս պիտի հատուցանէ, որ հակառակ կը կենաս. Քանզի դո՛ւն ընտրելու ես, ո՛չ թէ ես. Ուրեմն ինչ որ գիտես, խօսէ՛։
34 Իմաստունները պիտի ըսեն ինծի հետ (Ու գիտուն մարդը, որ ինծի մտիկ կ’ընէ)՝
35 ‘Յոբ խելացութիւնով չխօսեցաւ Ու անոր խօսքերը իմաստութեամբ չեն’։
36 Իմ փափաքս այս է, որ Յոբ մինչեւ վերջը փորձուի. Վասն զի ամբարիշտներու պէս պատասխաններ տուաւ։
37 Քանզի իր մեղքին վրայ ապստամբութիւն կ’աւելցնէ, Մեր մէջ ծափ կը զարնէ Ու Աստուծոյ դէմ իր խօսքերը կը շատցնէ»։