ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 2

Ուրիշ օր մը Աստուծոյ որդիները գացին Տէրոջը առջեւ։ Սատանան ալ գնաց անոնց հետ։
2 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ուրկէ՞ կու գաս»։ Սատանան պատասխան տուաւ Տէրոջը ու ըսաւ. «Երկրի վրայ շրջելէն ու անոր մէջ պտըտելէն»։
3 Տէրը Սատանային ըսաւ. «Իմ Յոբ ծառայիս աղէկ ուշադրութիւն ըրի՞ր։ Երկրի վրայ անոր պէս կատարեալ եւ արդար, աստուածավախ ու չարութենէ ետ քաշուող մարդ չկայ։ Անիկա տակաւին իր կատարելութեանը մէջ հաստատ է, թէեւ դուն ուզեցիր զիս համոզել, որ անիկա զուր տեղը կորսնցնեմ»։
4 Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. «Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ։
5 Բայց հիմա ձեռքդ երկնցուր ու անոր ոսկորին ու մարմնին դպչէ ու պիտի տեսնես թէ ի՛նչպէս քեզի պիտի հայհոյէ»։
6 Տէրը ըսաւ Սատանային. «Ահա զանիկա քու ձեռքդ կու տամ. միայն թէ անոր կեանքը պահէ»։
7 Սատանան գնաց Տէրոջը առջեւէն ու Յոբը՝ ոտքին թաթէն մինչեւ գագաթը՝ գէշ պալարներով զարկաւ։
8 Անիկա խեցիի կտոր մը առաւ, որպէս զի անով քերուի ու մոխիրի մէջ նստաւ։
9 Անոր կինը ըսաւ անոր. «Դուն տակաւին քու կատարելութեանդ մէջ հաստատ կը կենա՞ս. Աստուծոյ հայհոյէ ու մեռիր»։
10 Յոբ ըսաւ անոր. «Դուն անզգամ կնոջ մը պէս կը խօսիս։ Աստուծոյ ձեռքէն միայն բարի՞ք ընդունինք ու չարիք չընդունի՞նք»։ Այս ամենուն մէջ Յոբ իր շրթունքներովը չմեղանչեց։
11 Յոբին երեք բարեկամները, Եղիփազ Թեմանացին, Բաղդատ Սօքեցին ու Սոփար Նաամացին, երբ լսեցին անոր գլխուն եկած բոլոր փորձութիւնները, ամէն մէկը իր տեղէն ելլելով եկան ու մէկտեղ հաւաքուեցան, որպէս զի երթան ցաւակից ըլլան անոր ու զանիկա մխիթարեն։
12 Հեռուէն աչքերնին վերցնելով տեսան, բայց չճանչցան զանիկա եւ ձայներնին վերցուցին ու լացին։ Ամէն մէկը իր պատմուճանը պատռելով՝ դէպի երկինք իրենց գլուխներուն վրայ հող ցանեցին։
13 Անոր հետ եօթը օր ու եօթը գիշեր գետնի վրայ նստան։ Մէ՛կը անոր խօսք մը չըսաւ, քանզի տեսան որ անոր ցաւը խիստ սաստիկ էր։