ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 35

Դարձեալ Եղիուս իր խօսքերը շարունակելով՝ ըսաւ.
2 «Արդեօք կը կարծես թէ ասիկա շիտա՞կ է, Երբ ըսիր թէ ‘Ես Աստուծոյ առջեւ արդար եմ’։
3 Քանզի դուն ըսիր՝ ‘Քեզի ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ. Մեղքէս աւելի ի՞նչ կը վաստկիմ’։
4 Ահա ես քեզի պատասխան կու տամ, Նաեւ քեզի հետ քու բարեկամներուդ
5 Երկինք նայէ՛ ու տե՛ս. Ամպերը դիտէ՛, որոնք քեզմէ աւելի բարձր են։
6 Եթէ դուն մեղք գործես, Անոր դէմ ի՞նչ ըրած կ’ըլլաս Ու երբ քու անօրէնութիւններդ շատնան, Անոր ի՞նչ կ’ընես։
7 Եթէ արդար ես՝ Անոր ի՞նչ կու տաս, Կամ անիկա քու ձեռքէդ ի՞նչ կ’առնէ։
8 Քու ամբարշտութիւնդ քեզի պէս մարդուն Ու արդարութիւնդ մարդու որդիին օգուտ չունին։
9 Անիրաւութիւններուն շատութենէն կը բողոքեն, Բռնաւորներուն բազուկին համար կ’աղաղակեն։
10 Բայց մէ՛կը չ’ըսեր թէ ‘Զիս ստեղծող Աստուածը ո՞ւր է, Ան որ գիշերուան մէջ երգեր կու տայ,
11 Ան որ մեզ՝ երկրի անասուններէն աւելի գիտուն Ու երկնքի թռչուններէն աւելի իմաստուն կ’ընէ’։
12 Հոն չարերուն հպարտութեանը համար կ’աղաղակեն, Բայց Աստուած պատասխան չի տար՝ ՝։
13 Արդարեւ Աստուած ունայնութեան մտիկ չ’ըներ Ու Ամենակարողը անոր չի նայիր։
14 Ու թէեւ կ’ըսես թէ զանիկա չես տեսներ, Բայց հարցը անոր առջեւն է, ուստի անոր յուսա։
15 Հիմա իր բարկութեան ըրածը բան մը չէ Ու անօրէնութիւնը նկատի առած չէ։
16 Ուստի Յոբ իր բերանը զուր տեղը բանալով՝ Առանց գիտութեան խօսքեր կը շատցնէ»։