ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 37
Ասոր համար ալ սիրտս կը դողայ Ու իր տեղէն կ’երերայ։
2 Անոր ձայնին որոտումին Ու անոր բերնէն ելած շառաչիւնին մտիկ ըրէ՛ք։
3 Բոլոր երկնքի տակ կը ղրկէ զանիկա Ու անոր լոյսը՝ մինչեւ երկրին ծայրերը։
4 Անոր ետեւէն մեծ ձայն մը կ’ելլէ, Իր վեհափառութեան ձայնովը կ’որոտայ Ու իր ձայնը լսուելէն յետոյ չ’ուշացներ։
5 Աստուած իր ձայնովը սքանչելի կերպով կ’որոտայ Ու այնպիսի մեծ բաներ կը հանէ, որոնք մենք չենք կրնար հասկնալ։
6 Վասն զի անիկա կ’ըսէ ձիւնին. ‘Երկրի վրայ իջիր’։ Նաեւ սաստիկ անձրեւին ու իր զօրութեանը սաստիկ անձրեւներուն։
7 Անիկա ամէն մարդու ձեռքը կը կնքէ, Որպէս զի իր ստեղծած բոլոր մարդիկը հասկնան։
8 Գազանները որջերնին կը մտնեն Ու քարայրներու մէջ կը բնակին։
9 Հարաւէն փոթորիկ կու գայ Ու հիւսիսէն՝ ցուրտ։
10 Աստուծոյ շունչէն սառնամանիք կը տրուի Ու ջուրերուն լայնութիւնը կը նեղնայ։
11 Խիտ ամպերը խոնաւութեամբ կը լեցնէ, Իր փայլակը ամպերը կը ցրուէ։
12 Անոր խորհրդովը տեղէ տեղ կը փոխադրուին, Որպէս զի աշխարհի երեսը՝ երկրի վրայ անոր բոլոր հրամանները կատարեն։
13 Զանոնք կը բերէ՝ թէ՛ խրատի համար, Թէ՛ իր երկրին համար եւ թէ՛ շնորհքի համար։
14 Ո՛վ Յոբ, այս ըսածիս մտիկ ըրէ՛. Կեցի՛ր ու Աստուծոյ սքանչելիքներուն վրայ մտածէ՛։
15 Գիտե՞ս թէ Աստուած ի՛նչպէս կը կարգաւորէ զանոնք Եւ իր ամպէն լոյս կը փայլեցնէ։
16 Գիտե՞ս ամպերուն հաւասարակշռութիւնը Ու իմաստութեամբ կատարեալ եղողին սքանչելիքները։
17 Երկիրը հարաւային հովէն հանգստացուցած ժամանակը, Գիտե՞ս թէ ինչո՛ւ համար քու հանդերձներդ կը տաքնան։
18 Անոր հետ մէկտե՞ղ տարածեցիր երկինքը, Որ ամուր է թափծու հայելիի պէս։
19 Սորվեցուր մեզի թէ ի՛նչ պիտի ըսենք անոր. Վասն զի մթութեան պատճառով չենք կրնար մեր խօսքը կարգադրել։
20 Եթէ ես խօսելու ըլլամ, պիտի պատմուի՞ անոր, Եթէ մէկ խօսի, անշուշտ պիտի կլլուի՞։
21 Ու հիմա ալ չեն կրնար նայիլ, երբ երկինք կը փայլատակէ, Բայց հովը կ’անցնի ու զանիկա կը սրբէ։
22 Ահա հիւսիսէն ոսկիի պէս լոյս կու գայ։ Աստուած ահաւոր փառաբանութիւն հագած է։
23 Անիկա ամենակարող է, չենք կրնար հասկնալ զանիկա. Մեծ է զօրութեամբ, դատաստանով ու արդարութեամբ Ու մէկո՛ւն զրկանք չ’ըներ՝ ՝։
24 Անոր համար մարդիկ կը վախնան անկէ. Սրտով իմաստուններուն բնաւ չի նայիր՝ ՝»։