ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 40

Տէրը Յոբին խօսելով՝ ըսաւ.
2 «Արդ՝ Ամենակարողին հետ վիճողը բան մը պիտի սորվեցնէ՞. Աստուծոյ հետ վիճաբանողը թող պատասխան տայ»։
3 Այն ատեն Յոբ Տէրոջը պատասխան տալով՝ ըսաւ.
4 «Ահա ես նուաստ եմ. քեզի ի՞նչ պատասխան տամ. Ձեռքս բերնիս վրայ կը դնեմ։
5 Մէկ անգամ խօսեցայ, ա՛լ պատասխան պիտի չտամ. Երկու անգամ ալ, բայց պիտի չկրկնեմ»։
6 Այն ժամանակ Տէրը մրրիկէն Յոբին պատասխանեց.
7 «Հիմա կտրիճի պէս մէջքդ պնդէ՛, Քեզի հարցնեմ ու դուն քու գիտցածդ ինծի իմացո՛ւր։
8 Իմ դատաստանս պիտի խափանե՞ս, Քեզ արադարացնելու համար զիս յանցաւո՞ր պիտի հանես։
9 Աստուծոյ պէս բազուկ ունի՞ս Եւ քու ձայնովդ կրնա՞ս անոր պէս որոտալ։
10 Հիմա փառաւորութիւնով ու մեծութիւնով զարդարուէ Եւ պատիւով ու փառքով հագուէ՛։
11 Բարկութեանդ եռանդը տարածէ՛ Եւ ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա խոնարհեցո՛ւր։
12 Ամէն հպարտի նայէ՛ ու զանիկա նուաճէ՛ Ու անօրէնները իրենց տեղը կոխկռտէ՛։
13 Անոնց ամէնքն ալ հողին մէջ աներեւոյթ ըրէ, Երեսնին գաղտուկ տեղ պահէ։
14 Այն ատեն ես ալ քեզի պիտի իմացընեմ, Թէ աջ ձեռքդ քեզ կրնայ ազատել։
15 Ահա Բեհեմովթը, որ քեզի հետ ստեղծեցի. Անիկա արջառի պէս խոտ կ’ուտէ։
16 Ահա հիմա անոր զօրութիւնը իր մէջքն է Եւ ոյժը փորին մկաններուն մէջ։
17 Պոչը կ’երերցնէ եղեւինի պէս, Ազդրերուն ջիղերը հիւսուած են։
18 Անոր ոսկորները պղնձէ խողովակներ՝ ՝ են, Անոր անդամները երկաթէ նիգերու պէս են։
19 Աստուծոյ գործին սկիզբն է անիկա. Զանիկա ստեղծողը իր սուրը կրնայ անոր մօտեցնել՝ ՝։
20 Արդարեւ անոր պաշար կը բերեն լեռները, Ուր դաշտի գազանները կը խաղան։
21 Անիկա ստուերոտ ծառերուն տակ, Եղէգներուն շուքը ու ճահիճներուն մէջ կը պառկի։
22 Ստուերոտ ծառերը իրենց շուքովը կը ծածկեն զանիկա, Հեղեղատներուն ուռիները անոր բոլորտիքն են
23 Եթէ գետը առատանայ, անիկա չի վախնար. Թէեւ Յորդանան անոր բերանը դիմելու ըլլայ, ան հանդարտ կը կենայ։
24 Միթէ անիկա յայտնի կը բռնուի՞. Որոգայթի մէջ անոր քիթը ո՞վ կրնայ ծակել՝ ՝»։