ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 11
Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.
2 «Միթէ շատ խօսքերուն պատասխան պիտի չտրուի՞ Ու լեզուանի մարդը կրնա՞յ խօսքով արդարանալ։
3 Քու պարապ խօսքերդ մարդիկը պիտի լռեցնե՞ն, Երբ դուն ծաղր ընես, պիտի չըլլա՞յ մէկը որ քեզ ամչցնէ։
4 Վասն զի դուն ըսիր թէ ‘Իմ խօսքս մաքուր է Ու քու աչքիդ առջեւ անարատ եմ’։
5 Սակայն երանի՜ թէ Աստուած խօսէր Ու քեզի դէմ իր շրթունքը բանար
6 Ու քեզի յայտնէր իմաստութեան գաղտնիքը, Որ մարդուս իմացածին կրկինն է։ Հիմա գիտցիր թէ Աստուած Քու անօրէնութեանդ մէկ մասը անտես կ’ընէ՝ ՝։
7 Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞ս հասկնալ, Ամենակարողը կատարելապէս կրնա՞ս իմանալ։
8 Անիկա երկնքին պէս բարձր է. ի՞նչ կրնաս ընել. Դժոխքէն խորունկ է. ի՞նչ կրնաս գիտնալ։
9 Անոր չափը՝ երկրէն երկայն Ու ծովէն լայն է։
10 Եթէ անիկա յարձակի ու գոցէ կամ հաւաքէ, Ո՞վ անոր արգելք պիտի ըլլայ,
11 Քանզի ինք ունայն մարդիկը կը ճանչնայ Ու անօրէնութիւնը տեսնելով՝ ուշադրութիւն պիտի չընէ՞։
12 Բայց անմիտ մարդը մեծամիտ է Ու կնոջմէ ծնած մարդը վայրենի իշու ձագի պէս է։
13 Եթէ դուն սիրտդ շտկես Ու ձեռքերդ անոր երկնցնես,
14 Եթէ քու ձեռքդ անօրէնութիւն կայ, զանիկա քեզմէ հեռացուր Ու մի՛ թողուր, որ վրաններուդ մէջ անզգամութիւն բնակի։
15 Այն ատեն անշուշտ կրնաս պարզերես մնալ, Հաստատ կ’ըլլաս ու բանէ մը չես վախնար։
16 Քու թշուառութիւնդ պիտի մոռնաս, Անցած ջուրերու պէս պիտի յիշես զանիկա։
17 Ու կեանքդ կէսօրուան լոյսէն պայծառ պիտի ըլլայ. Թէեւ խաւարի մէջ ըլլաս, առտուան պէս պիտի երեւիս
18 Եւ ապահով պիտի ըլլաս, վասն զի յոյս կայ քեզի։ Պիտի պաշտպանուիս ու ապահովութեամբ պիտի հանգստանաս։
19 Եւ պիտի պառկիս ու վախցնող պիտի չըլլայ Ու շատերը քեզ պիտի փնտռեն։
20 Բայց ամբարիշտներուն աչքերը պիտի նուաղին Ու անոնց ապաստանարան պիտի չգտնուի Ու յոյսերնին հոգեվարքի մէջ պիտի ըլլայ»։