ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 13
«Ահա այս ամէնը իմ աչքս տեսաւ, Ականջս լսեց ու իմացաւ։
2 Ձեր գիտցածը ես ալ գիտեմ։ Ես ձեզմէ նուաստ չեմ։
3 Բայց ես Ամենակարողին խօսքը լսել Ու իմ իրաւունքներս Աստուծոյ ներկայացնել կը փափաքիմ.
4 Սակայն դուք սուտ խօսքեր կը հնարէք. Ամէնքդ ալ կեղծ բժիշկներ էք։
5 Երանի՜ թէ բոլորովին լուռ կենայիք Եւ ատիկա ձեզի իմաստութիւն պիտի սեպուէր։
6 Հիմա իմ պատճառաբանութիւնս լսեցէք Ու շրթունքներուս փաստերուն ականջ դրէք։
7 Աստուծոյ մասին անիրաւութեա՞մբ կը խօսիք Ու անոր համար նենգութեա՞մբ կ’արտայայտուիք։
8 Միթէ աչառութի՞ւն կ’ընէք անոր, Կամ Աստուծոյ փա՞ստը կը պաշտպանէք։
9 Աղէ՞կ է որ անիկա ձեզ քննէ. Պիտի խաբէ՞ք զանիկա մարդ խաբելու պէս։
10 Եթէ ծածուկ աչառութիւն ալ ընէք, Անշուշտ անիկա պիտի յանդիմանէ ձեզ։
11 Միթէ անոր վեհափառութիւնը ձեզ չի՞ վախցներ, Ու անոր ահը ձեր վրայ չ’ի՞յնար։
12 Ձեր ասացուածքները մոխիրի առակներ են, Ձեր պատնէշները կաւէ պատնէշներու՝ ՝ պէս են։
13 Լռեցէք իմ առջեւս, որ ես խօսիմ Եւ ինչ որ ուզէ թող պատահի ինծի։
14 Ինչո՞ւ համար մարմինս ակռաներուս մէջ առնեմ Ու հոգիս ափիս մէջ դնեմ,
15 Թէեւ անիկա զիս սպաննէ, ես անոր պիտի յուսամ. Մանաւանդ ճամբաներս անոր առջեւ պիտի պաշտպանեմ։
16 Իմ փրկութիւնս անիկա է. Բայց կեղծաւորը բնաւ անոր առջեւ պիտի չգայ։
17 Աղէկ մտիկ ըրէք իմ խօսքիս Ու իմ ըսելիքս ձեր ականջներուն թող հասնի։
18 Ահա հիմա իմ դատս կարգի դրած եմ, Գիտեմ թէ պիտի արդարանամ։
19 Ո՞վ ինծի հետ պիտի վիճի. Քանզի եթէ հիմա լռելու ըլլամ, պիտի մեռնիմ։
20 Միայն թէ այս երկու բանը մի՛ ըներ ինծի Ու այն ատեն քու երեսէդ պիտի չպահուըտիմ։
21 Ձեռքդ վրայէս վերցուր Ու քու երկիւղդ թող զիս չզարհուրեցնէ։
22 Ետքը դուն կանչէ ու ես պատասխան տամ, Կամ թէ ես խօսիմ ու դուն ինծի պատասխան տուր։
23 Որչա՞փ են իմ անօրէնութիւններս ու մեղքերս։ Իմ յանցանքս ու մեղքս ինծի իմացուր։
24 Ինչո՞ւ համար երեսդ կը պահես Ու զիս քեզի թշնամի կը սեպես։
25 Հովէն քշուած տերեւի՞ մը դէմ ահաւոր պիտի ըլլաս, Կամ թէ չոր մղե՞ղ մը պիտի հալածես.
26 Դառնութեան վճիռ կու տաս՝ ՝ ինծի Ու իմ երիտասարդութեանս անօրէնութիւնները ինծի ժառանգ կու տաս,
27 Ոտքերս կոճղի մէջ կը դնես Ու բոլոր ճամբաներս կը զննես Եւ իմ ոտքերուս քայլերուն սահման կը դնես։
28 Ու այս մարմինս փտտած բանի պէս Ու ցեցէն կերուած լաթի պէս կը մաշի»։