ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 3
Յոբ իր բերանը բացաւ ու իր օրը անիծեց։
2 Յոբ խօսեցաւ ու ըսաւ.
3 «Կորսուի այն օրը, որուն մէջ ես ծնայ, Այն գիշերը, որուն մէջ ըսին թէ ‘Արու զաւակ մը ծնաւ’։
4 Այն օրը խաւար ըլլայ Ու Աստուած չփնտռէ զանիկա վերէն Ու երբեք լոյս չծագի անոր վրայ։
5 Խաւարն ու մահուան շուքը իրենց սեփականացնեն զանիկա, Ամպը ծածկէ զանիկա, Օրուան մթութիւնը վախցնէ զանիկա։
6 Այն գիշերը մառախուղը պաշարէ. Անիկա տարուան օրերուն հետ չմիաւորուի՝ ՝ Ու ամիսներուն մէջ չհամրուի։
7 Ահա այն գիշերը թող ամայի մնայ Ու անոր մէջ ուրախութեան ձայն չմտնէ։
8 Օրը անիծողները թող անիծեն զանիկա, Որոնք պատրաստ են վիշապը արթնցնելու։
9 Անոր գիշերուան աստղերը աղօտանան. Լոյսին սպասէ ու չունենայ. Արշալոյսին ճառագայթները չտեսնէ.
10 Վասն զի մօրս արգանդին դռները չգոցեց Ու տառապանքը աչքերէս չծածկեց։
11 Ինչո՞ւ համար մօրս արգանդին մէջ չմեռայ Ու որովայնէն ելածիս պէս չկորսուեցայ։
12 Ինչո՞ւ ծունկերը ընդունեցին զիս Ու ինչո՞ւ ստինք տուին ինծի, որ ես ծծեմ։
13 Վասն զի հիմա պառկած կը հանգչէի ու կը քնանայի. Այն ժամանակ հանգստացած կ’ըլլայի՝
14 Իրենց համար աւերակներ շինող Երկրի թագաւորներուն ու խորհրդականներուն հետ,
15 Կամ ոսկի ունեցող իշխաններուն հետ, Որոնք տուներնին արծաթով կը լեցնէին.
16 Կամ թէ գաղտուկ վիժածի մը պէս կ’ոչնչանայի, Այն երախաներուն պէս՝ որոնք երբեք լոյս չտեսան։
17 Հոն չարերը մարդ տանջելէն կը դադարին Եւ հոն ուժէ ինկածները կը հանգստանան։
18 Նմանապէս բանտարկեալները հոն կը հանգչին Ու ա՛լ չեն լսեր հարկապահանջին ձայնը։
19 Պզտիկն ու մեծը հոն են, Ծառան իր տիրոջմէն ազատ է։
20 Ինչո՞ւ համար թշուառութեան մէջ եղողին՝ լոյս Ու դառնահոգիներուն կեանք տրուի,
21 Որոնք մահուան կը սպասեն ու անիկա չի գար Ու պահուած գանձերէն աւելի զանիկա կը փնտռեն.
22 Գերեզմանը գտած ժամանակնին Խիստ ուրախ կ’ըլլան ու կը ցնծան։
23 Ինչո՞ւ կեանք կը տրուի այնպիսի մարդու մը, որուն ճամբան գոցուած է Ու Աստուած շրջապատած է զանիկա ամէն կողմէն։
24 Որովհետեւ կերակուր ուտելէս առաջ իմ հեծութիւնս կու գայ Ու իմ աղաղակներս ջուրերու պէս կը հոսին։
25 Վասն զի ի՛նչ բանէ որ շատ կը վախնայի, ան ինծի հանդիպեցաւ Եւ ի՛նչ բանէ որ երկիւղ ունէի, ա՛ն ինծի հասաւ։
26 Ո՛չ խաղաղութիւն ունիմ, ո՛չ հանգստութիւն Եւ ո՛չ հանդարտութիւն. բայց թշուառութիւնը իմ վրաս կու գայ»։