ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 20
Այն ատեն Սոփար Նաամացին պատասխանեց.
2 «Ասոր համար իմ խորհուրդներս ինծի պատասխանել կու տան Ու ասոր համար կ’արտորամ։
3 Զիս խայտառակող յանդիմանութիւնը լսեցի, Բայց իմ հոգիս ունեցած իմաստութենէս կը ստիպէ, որ պատասխանեմ։
4 Դուն գիտե՞ս թէ սկիզբէն՝ Մարդս երկրի վրայ դրուելէն ի վեր՝
5 Անզգամին յաղթանակը քիչ ժամանակ կը տեւէ Ու կեղծաւորին ուրախութիւնը մէկ վայրկեանի համար է։
6 Թէեւ անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք ելլէ Ու գլուխը ամպերուն հասնի,
7 Իր աղբին պէս յաւիտեան պիտի ոչնչանայ Ու զինք տեսնողները պիտի ըսեն՝ ‘Ո՞ւր է անիկա’։
8 Երազի պէս պիտի թռչի ու պիտի չգտնուի Ու գիշերուան ցնորքի պէս պիտի փախչի։
9 Զանիկա տեսնող աչքը ա՛լ պիտի չտեսնէ Ու անոր բնակած տեղը ա՛լ պիտի չնայի անոր։
10 Անոր զաւակները աղքատներէն շնորհք պիտի խնդրեն՝ ՝ Ու անոր ձեռքերը յափշտակածը ետ պիտի տան։
11 Անոր ոսկորները երիտասարդութեան մեղքերուն պատիժովը լեցուն են Ու անոր հետ հողին մէջ պիտի պառկին։
12 Եթէ անզգամութիւնը անոր բերնին մէջ քաղցր է Եւ եթէ իր լեզուին տակ կը պահէ զանիկա,
13 Եթէ զանիկա խնայէ ու չձգէ Ու իր քիմքին մէջ պահէ զանիկա,
14 Կերակուրը անոր աղիքներուն մէջ պիտի փոխուի, Անոր ներսիդին քարբի լեղի պիտի ըլլայ։
15 Անիկա հարստութիւններ կուլ տուաւ, բայց պիտի փսխէ զանոնք։ Աստուած անոր փորէն դուրս պիտի հանէ զանոնք։
16 Անիկա քարբին թոյնը պիտի ծծէ Ու իժի լեզուն զանիկա պիտի մեռցնէ։
17 Անիկա պիտի չտեսնէ վտակները, Մեղրի ու կոգիի հեղեղներուն գետերը։
18 Իր աշխատանքով վաստկածը ետ պիտի տայ ու պիտի չկլլէ Ու ետ տուածը իր հարստութեանը չափ պիտի ըլլայ։ Անոր վրայ պիտի չուրախանայ։
19 Քանի որ աղքատները ճնշեց ու երեսի վրայ թողուց Ու իր չշինած տունը յափշտակեց,
20 Անշուշտ իր ներսիդին խաղաղութիւն պիտի չզգայ Ու ցանկացածը պիտի չկրնայ ազատել։
21 Անոր ուտելու բան մը պիտի չմնայ, Անոր համար անոր յաջողութիւնը հաստատ պիտի չըլլայ։
22 Առատութեամբ լեցուն եղած ժամանակն ալ նեղութեան մէջ պիտի ըլլայ. Թշուառութեան մէջ եղողներուն ամէն հարուած անոր վրայ պիտի գայ։
23 Երբ փորը կշտացնելու վրայ ըլլայ, Աստուած իր սաստիկ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ղրկէ Ու անձրեւի պէս անոր վրայ պիտի թափէ՝ կերակուր ուտելու ատենը։
24 Երկաթէ զէնքին առջեւէն փախած ատենը Պղնձէ աղեղը զանիկա պիտի խոցէ։
25 Անոր դէմ արձակուած աղեղը մարմնէն պիտի անցնի Ու փայլուն տէգը անոր մաղձէն պիտի ելլէ. Անոր վրայ արհաւիրք պիտի գայ։
26 Բոլոր խաւարը անոր գաղտուկ տեղերը պիտի պահուի. Մարած կրակը զանիկա պիտի լափէ. Անոր վրանին մէջ մնացողը ապերջանիկ պիտի ըլլայ՝ ՝։
27 Երկինք անոր ապօրէնութիւնը պիտի յայտնէ, Երկիր ալ անոր դէմ պիտի ելլէ։
28 Անոր տանը եկամուտը պիտի յափշտակուի, Ամէն բան պիտի անցնի Աստուծոյ բարկութեան օրը։
29 Ասիկա է ամբարիշտ մարդուն բաժինը, որ Աստուծմէ պիտի առնէ Եւ ասիկա է այն ժառանգութիւնը, որ Աստուած անոր համար սահմաներ է»։