ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 8
Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2 «Մինչեւ ե՞րբ այդպէս պիտի խօսիս Ու բերնիդ խօսքերը սաստիկ հովի պէս պիտի ըլլան։
3 Միթէ Աստուած դատաստանը կը խափանէ՞։
4 Եթէ քու տղաքդ անոր դէմ մեղանչեր են, Ան ալ իրենց յանցանքին մատնած է զանոնք,
5 Եթէ դուն առտուները կանուխ Աստուած կը փնտռես Ու Ամենակարողէն շնորհք կը խնդրես,
6 Եթէ դուն մաքուր ու շիտակ ըլլաս, Անշուշտ անիկա քեզի համար պիտի արթննայ Ու քու արդարութեանդ բնակարանին յաջողութիւն պիտի տայ։
7 Թէեւ քու սկիզբդ փոքր ըլլայ, բայց քու վերջդ խիստ պիտի մեծնայ։
8 Հիմա հարցուր հին ազգերուն Ու անոնց հայրերը քննելու ուշադրութիւն ըրէ՛
9 (Վասն զի մենք երէկուաններն ենք ու բան մը չենք գիտեր. Քանզի մեր կեանքը երկրի վրայ ստուեր մըն է)։
10 Ահա անոնք քեզի պիտի սորվեցնեն, քեզի պիտի խօսին Ու իրենց սրտէն խօսքեր պիտի հանեն։
11 Միթէ պրտուն առանց տիղմի կը բուսնի՞. Կնիւնը առանց ջուրի կ’աճի՞։
12 Անիկա դեռ իր դալար վիճակին մէջ ու չկտրտուած Ամէն խոտէ առաջ կը չորնայ։
13 Այսպէս պիտի ըլլայ բոլոր անոնց ճամբան, որոնք Աստուած կը մոռնան Ու կեղծաւորին յոյսը պիտի կորսուի.
14 Վասն զի անոր յոյսը պիտի կտրուի Ու անոր վստահութիւնը սարդի ոստայնին պէս պիտի ըլլայ։
15 Անիկա իր տանը պիտի կռթնի, Բայց ան հաստատութիւն պիտի չունենայ. Իր ձեռքովը զանիկա պիտի բռնէ Բայց ան կանգնած պիտի չմնայ։
16 Արեւը չծագած՝ ՝ դալար է Ու անոր ճիւղերը իր եղած պարտէզէն վեր կ’ելլեն։
17 Անոր արմատները քարակոյտին կը փաթթուին, Ինք քարերուն մէջ կ’ապրի։
18 Եթէ մէկը զանիկա իր տեղէն խլէ, Տեղը պիտի ուրանայ զանիկա՝ ըսելով թէ՝ ‘Ես քեզ չտեսայ’։
19 Ահա անոր ճամբուն ուրախութիւնը այս է Ու հողէն ուրիշներ պիտի ելլեն։
20 Ահա Աստուած արդար մարդը չի մերժեր, Ո՛չ ալ չարերուն ձեռնտու կ’ըլլայ,
21 Մինչեւ որ քու բերանդ ծիծաղով լեցնէ Ու շրթունքներդ ուրախութեան ձայնով։
22 Քեզ ատողները ամօթով պիտի ծածկուին Ու ամբարիշտներուն վրանը բնաջինջ պիտի ըլլայ»։