ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 32
Այն ատեն այս երեք մարդիկը Յոբին պատասխան տալէն դադրեցան, վասն զի անիկա իր աչքերուն առջեւ արդար կ’երեւնար։
2 Եւ Արամին ազգատոհմէն Բուզացի Բարաքիէլին որդիին Եղիուսին բարկութիւնը բորբոքեցաւ։ Անոր բարկութիւնը Յոբին դէմ բորբոքեցաւ, վասն զի Աստուծմէ աւելի ինքզինք կ’արդարացնէր։
3 Նաեւ իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ անոր երեք բարեկամներուն դէմ, որովհետեւ պատասխան չգտան, թէեւ Յոբը յանցաւոր հանեցին։
4 Եղիուս Յոբին խօսքերուն լմննալուն սպասեր էր, որովհետեւ անոնք իրմէ ծեր էին։
5 Բայց երբ Եղիուս տեսաւ թէ այն երեք մարդոց բերանը ա՛լ պատասխան չմնաց, իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
6 Այն ատեն Բուզացի Բարաքիէլին որդին Եղիուս պատասխանեց. «Ես տարիքով փոքր եմ ու դուք աւելի ծեր էք, Անոր համար ետ կեցայ ու կարծիքս ձեզի յայտնելու վախցայ.
7 Ըսի թէ՝ ‘Երկար կեանքը՝ ՝ թող խօսի Ու տարիներուն շատութիւնը թող իմաստութիւնը գիտցնէ’,
8 Բայց մարդուն ներսիդին հոգի կայ Ու Ամենակարողին շունչը անոնց իմանալու կարողութիւն կու տայ։
9 Միշտ մեծերը իմաստուն չեն ըլլար Ու ծերերը շիտակը չեն հասկնար։
10 Անոր համար ըսի. ‘Ինծի մտիկ ըրէք’, Որպէս զի ես ալ իմ գիտցածս ըսեմ’։
11 Ահա ես ձեր խօսքերուն սպասեցի, Ձեր փաստերուն ականջ դրի, Մինչեւ որ անոր խօսքերը քննեցիք։
12 Ես ձեզի աղէկ ուշադրութիւն ըրի Եւ ձեզմէ մէկը չկար, որ Յոբը յանդիմանէր Ու անոր խօսքերուն պատասխան տար։
13 Չըլլայ որ ըսէք՝ ‘Իմաստութիւն գտանք. Աստուած է որ անոր կրնայ յաղթել եւ ո՛չ թէ մարդը’։
14 Անիկա իր խօսքերը ինծի դէմ չպատրաստեց, Ես ալ ձեր խօսքերուն համեմատ անոր պատասխան պիտի չտամ։
15 Անոնք ապշեցան, ա՛լ պատասխան չտուին, Անոնց խօսքերը հատան
16 Ու ես սպասեցի, մինչեւ որ ա՛լ բան մը չըսին, Մունչ կեցան ու ա՛լ չկրկնեցին։
17 Ես ալ իմ կարգիս պատասխան տամ, Ես ալ իմ կարծիքս յայտնեմ։
18 Վասն զի խօսքերով լեցուն եմ, Իմ ներսիդիս եղած հոգին զիս կը ստիպէ։
19 Ահա որովայնս չբացուած գինիի պէս է, Նոր տիկերու պէս պատռելու վրայ է։
20 Պէտք է խօսիմ, որպէս զի շունչ առնեմ, Շրթունքներս բանամ ու պատասխան տամ։
21 Աղէ՜, մէկո՛ւն աչառութիւն պիտի չընեմ Ու մարդո՛ւ մը շողոքորթութիւն պիտի չընեմ.
22 Քանզի չեմ գիտեր շողոքորթութիւն ընել. Զիս Ստեղծողը շուտով զիս պիտի վերջացնէր»։