ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 10
«Հոգիս կեանքէս ձանձրացաւ։ Համարձակ պիտի գանգատիմ, Հոգիիս դառնութիւնովը պիտի խօսիմ.
2 Պիտի ըսեմ Աստուծոյ. «Մի՛ դատապարտեր զիս, Յայտնէ ինծի թէ ի՛նչ բանի համար ինծի հետ կը վիճիս.
3 Քեզի աղէ՞կ կ’երեւնայ որ զիս կը հարստահարես Ու քու ձեռքերուդ գործը կ’արհամարհես Եւ ամբարիշտներուն խորհուրդին լոյս կու տաս։
4 Միթէ դուն մարմնաւո՞ր աչքեր ունիս. Մարդուն տեսածի՞ն պէս կը տեսնես։
5 Միթէ քու օրերդ մարդուն օրերուն պէ՞ս են, Քու տարիներդ մարդուն տարիներուն չա՞փ են,
6 Որ դուն իմ յանցանքներս կը փնտռես Ու մեղքս կը քննես։
7 Գիտես որ յանցաւոր չեմ, Բայց չկայ մէկը, որ քու ձեռքէդ ազատէ զիս։
8 Քու ձեռքերդ զիս ստեղծեցին Ու իմ բոլոր անդամներս՝ ՝ կազմեցին Ու զիս բնաջի՞նջ կ’ընես։
9 Կ’աղաչե՛մ, յիշէ թէ զիս կաւի պէս շինեցիր Ու հիմա զիս հո՞ղ պիտի դարձնես։
10 Չէ՞ որ զիս կաթի պէս թափեցիր Ու պանիրի պէս թանձրացուցիր։
11 Զիս մորթով ու մսով հագուեցուցիր Ու զիս ոսկորներով ու ջիղերով հինեցիր.
12 Ինծի կեանք եւ ողորմութիւն շնորհեցիր Եւ քու խնամքդ իմ հոգիս պահեց։
13 Ասոնք սրտիդ մէջ պահեցիր։ Գիտեմ թէ ասոնք միտքդ են։
14 Եթէ մեղք գործեմ, դուն զիս կը դիտես Ու իմ անօրէնութենէս անմեղ չես համարեր զիս։
15 Եթէ ամբարշտութիւն ընեմ, վա՜յ է ինծի Ու արդար ալ ըլլամ, գլուխս չեմ կրնար վերցնել. Անարգանքով լեցուած եմ։ Հիմա իմ թշուառութեանս նայէ,
16 Որ աւելնալու վրայ է՝ ՝։ Առիւծի պէս զիս կ’որսաս Եւ միշտ իմ վրաս յաղթող կ’ըլլաս.
17 Ինծի դէմ վկաներդ կը նորոգես Ու քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս կը շատցնես։ Փոփոխութիւններ ու պատերազմ կը բերես վրաս։
18 Ուրեմն ինչո՞ւ համար զիս արգանդէն հանեցիր։ Երանի՜ թէ հոն մեռնէի ու աչք չտեսնէր զիս,
19 Որ չեղածի պէս ըլլայի Ու մօրս արգանդէն գերեզմանը տարուէի։
20 Իմ օրերս սակաւաթիւ չե՞ն։ Ե՛տ կեցիր ինծմէ ու թողուր, որ քիչ մը հանգչիմ
21 Այն տեղը երթալէս առաջ՝ ուրկէ ետ պիտի չդառնամ։ Մութ երկիրը ու մահուան շուքը,
22 Այն խիստ մութ երկիրը, մահուան շուքին խաւարը, Ուրտեղ կարգ չկայ ու լոյսը խաւարի պէս է»։