ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 16

Յոբ պատասխանեց.
2 «Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ. Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։
3 Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն. Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։
4 Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։ Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար, Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզել Ու ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։
5 Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնել Ու շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։
6 Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիր Եւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինծմէ։
7 Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց. Բոլոր տունս ամայի ըրաւ»։
8 Նաեւ զիս բռնեց ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն է Ու իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։
9 Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ, Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։ Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։
10 Բերաննին վրաս բացին Ու զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին. Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։
11 Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեց Ու անօրէններուն ձեռքը ձգեց։
12 Հանգիստ էի ու զիս ճնշեց Ու վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեց Ու զիս իրեն նշանակետ ըրաւ։
13 Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։ Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր. Մաղձս գետինը կը թափէ։
14 Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց, Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։
15 Մորթիս վրայ քուրձ կարեցի Ու եղջիւրս հողով աղտոտեցի։
16 Երեսս լալէն ուռեցաւ Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ.
17 Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայ Ու աղօթքս մաքուր է։
18 Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկեր Ու աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։
19 Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ու Փաստաբանս բարձր տեղերն է։
20 Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։ Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։
21 Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ, Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։
22 Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝ Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ»։