ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 7
«Միթէ մարդս երկրի վրայ պատերազմի ասպարէզ չունի՞ Եւ անոր օրերը վարձկանի մը օրերուն պէս չե՞ն։
2 Ինչպէս ծառան իրիկուան շուքին կը փափաքի Ու վարձկանը իր վարձքին կ’սպասէ,
3 Այնպէս ունայնութեան ամիսներ բաժին տրուած են Ու թշուառութեան գիշերներ ինծի համար որոշուած են։
4 Պառկած ատենս կ’ըսեմ. ‘Ե՞րբ պիտի ելլեմ Ու գիշերը ե՞րբ պիտի անցնի’։ Մինչեւ արշալոյս անհանգստութեամբ լեցուած եմ։
5 Մարմինս որդերով ու հողի կոշտերով ծածկուած է։ Մորթս կը ճեղքուի ու կը հալի։
6 Օրերս ոստայնանկին կկոցէն արագ կ’անցնին Ու կը սպառին առանց յոյսի։
7 Յիշէ՛ թէ կեանքս հովի պէս է. Աչքս ասկէ յետոյ բարիք պիտի չտեսնէ։
8 Զիս տեսնողին աչքերը նորէն զիս պիտի չտեսնեն։ Քու աչքերդ իմ վրաս կը նային ու ես բնաջինջ կ’ըլլամ։
9 Ինչպէս ամպը կը ցրուի կ’երթայ, Այնպէս գերեզմանը իջնողը պիտի չելլէ.
10 Անիկա ա՛լ իր տունը պիտի չդառնայ Ու իր բնակարանը ա՛լ զանիկա պիտի չճանչնայ։
11 Ուստի ես իմ բերանս պիտի չզսպեմ. Հոգիիս նեղութիւնովը պիտի խօսիմ, Սրտիս դառնութիւնովը պիտի գանգատիմ։
12 Միթէ ես ծո՞վ եմ, կամ կէ՞տ, Որ իմ վրաս պահապաններ կը դնես։
13 Երբ ես կ’ըսեմ՝ ‘Անկողինս զիս պիտի մխիթարէ Ու մահիճս իմ գանգատներս պիտի պակսեցնէ’,
14 Զիս երազներով կը վախցնես Ու ցնորքներով կը զարհուրեցնես։
15 Ուստի աւելի կ’ընտրեմ խեղդուիլ ու մեռնիլը, Քան թէ իմ ոսկորներուս պահպանուիլը։
16 Ես ձանձրացած եմ ու չեմ ուզեր յաւիտեան ապրիլ։ Ինծմէ ե՛տ կեցիր, վասն զի իմ օրերս ունայնութիւն են։
17 Մարդը ո՞վ է, որ դուն զանիկա մեծ բան մը կը համարես Ու անոր հոգ կը տանիս։
18 Ամէն առտու զանիկա կը դիտես, Ամէն վայրկեան կը փորձես։
19 Մինչեւ ե՞րբ ինծմէ ետ պիտի չկենաս. Թուքս կլլելու չա՞փ ալ թող չես տար։
20 Եթէ մեղանչեմ, քեզի ի՞նչ ընեմ, ո՛վ մարդիկը Քննող. Ինչո՞ւ համար զիս քու նշանակէտդ ըրիր ու ես ինծի բեռ եղայ։
21 Եւ ինչո՞ւ մեղքս չես ներեր Ու իմ անօրէնութիւնս չես վերցներ։ Հիմա հողին մէջ պիտի պառկիմ Ու առաւօտուն եթէ զիս փնտռես՝ պիտի չգտնուիմ»։