ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 14
«Կնոջմէ ծնած մարդը կարճ կեանք ունի, Որ թշուառութիւնով լեցուն է։
2 Ծաղիկի պէս կ’ելլէ ու կը կտրուի Ու շուքի պէս կը փախչի ու չի կենար։
3 Բայց անո՞ր վրայ ալ աչքերդ կը բանաս Ու զիս քեզի հետ դատաստանի՞ կը տանիս։
4 Անմաքուրէն ո՞վ կրնայ մաքուր հանել։ Բնաւ մէկը չի կրնար։
5 Անոր օրերը որոշուած են, Անոր ամիսներուն թիւը քու քովդ է. Դուն անոր սահման դրիր Ու անիկա չի կրնար անդին անցնիլ։
6 Երեսդ մէկդի դարձուր անկէ, որպէս զի անիկա հանգչի, Մինչեւ որ վարձկանի պէս իր օրը լմնցնէ։
7 Վասն զի եթէ ծառը կտրուի, դեռ յոյս կայ, Որ վերստին ծլի ու ճիւղը պակաս չըլլայ։
8 Թէեւ անոր արմատը երկրին մէջ ծերացած ըլլայ Ու անոր կոճղը՝ հողին մէջ մեռած,
9 Անիկա ջուրին հոտէն պիտի ծաղկի Ու նոր տնկուած ծառի պէս ճիւղեր պիտի արձակէ։
10 Բայց մարդը կը մեռնի ու կ’երթայ։ Մարդը իր հոգին կ’աւանդէ ու ետքը ո՞ւր ըլլալը յայտնի չըլլար։
11 Ինչպէս ջուրերը ծովէն կը շոգիանան Ու գետը կը ցամքի ու կը չորնայ,
12 Այսպէս ալ մարդը գետինը կը պառկի ու չ’ելլեր. Մինչեւ որ ա՛լ երկինք չըլլայ՝ պիտի չելլէ Ու իր քունէն պիտի չարթննայ։
13 Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ Գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։
14 Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ Պատերազմիս բոլոր օրերը պիտի սպասեմ, Մինչեւ որ իմ փոխուելու կարգս գայ։
15 Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ. Քու ձեռքերուդ գործը պիտի հաւնիս։
16 Քանի որ հիմա քայլերս կը համրես, Մեղքս մի՛ քններ։
17 Իմ յանցանքս քսակի մէջ կնքուած է Ու իմ անօրէնութեանս վրայ ծածկոց մը դրիր։
18 Իրաւ որ լեռը իյնալով կը կործանի Ու ապառաժը իր տեղէն կը փոխադրուի։
19 Ջուրերը կը մաշեցնեն քարերը, Իրենց յորդած ժամանակը գետնին հողերը կը քշեն կը տանին. Դուն ալ մարդուն յոյսը այնպէս կը կորսնցնես։
20 Դուն բոլորովին կը յաղթես ու անիկա կ’երթայ. Անոր դէմքը փոխելով՝ զանիկա կը վռնտես։
21 Անոր տղաքը պատիւ կ’ունենան ու ինք չի գիտնար. Անոնք անարգ կ’ըլլան ու ինք անոնց վիճակը չ’իմանար։
22 Միայն իր մարմնին ցաւը կ’զգայ Ու իր հոգին կը տրտմի իր ներսիդին»։