ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 15

Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխանեց.
2 «Միթէ իմաստուն մարդը հովի պէս խօսքերո՞վ պիտի պատասխանէ Ու իր փորը արեւելեան հովո՞վ պիտի լեցնէ։
3 Պարապ խօսքերո՞վ պիտի վիճաբանի, Խօսքերով՝ որոնք օգուտ մը չունին։
4 Մանաւանդ դուն Աստուծոյ երկիւղը կը խափանես Ու Աստուծոյ մատուցուելիք աղօթքը կ’արգիլես։
5 Որովհետեւ բերանդ քու անօրէնութիւնդ կը ցուցնէ Ու նենգաւորներուն լեզուն ընտրեցիր։
6 Քու բերա՛նդ քեզ պիտի դատապարտէ ու ոչ թէ՝ ես։ Քու շրթունքներդ քեզի դէմ պիտի վկայեն։
7 Առաջին ծնած մարդը դո՞ւն ես, Կամ բլուրներէն առա՞ջ ստեղծուեցար։
8 Աստուծոյ գաղտնիքներուն ունկնդիր եղա՞ր Եւ իմաստութիւնը միայն քեզի՞ պահեցիր։
9 Ի՞նչ գիտես դուն, որ մենք չենք գիտեր. Ի՞նչ բանէ տեղեկութիւն ունիս, որ մենք չունինք։
10 Մեր մէջ ճերմակ մազերով Ու խիստ ծեր մարդիկ ալ կան, Որոնք տարիքով քու հօրմէդ աւելի մեծ են։
11 Միթէ քի՞չ կը թուին քեզի Աստուծոյ մխիթարութիւնները Ու քեզի ըսուած մեղմ խօսքերը՝ ՝։
12 Քու սիրտդ ո՞ւր կը տանի քեզ Ու աչքերդ ի՞նչ բանի կ’ակնարկեն,
13 Որ հոգիդ Աստուծոյ դէմ դարձնելով՝ Բերնէդ այդպիսի խօսքեր կը հանես։
14 Մարդը ի՞նչ է, որ մաքուր ըլլայ Ու կնոջմէն ծնածը՝ որ արդարանայ.
15 Ահա Աստուած իր սուրբերուն չի հաւատար Ու երկինք անոր աչքերուն առջեւ մաքուր չէ.
16 Ո՞ւր կը մնայ գարշելի ու պիղծ մարդը, Որ անօրէնութիւնը ջուրի պէս կը խմէ։
17 Քեզի իմացնեմ, մտիկ ըրէ ինծի Ու տեսածս պատմեմ քեզի։
18 Ինչ որ իմաստունները յայտնեցին Ու բնաւ չծածկեցին ինչ որ իրենց հայրերէն առին։
19 (Երկիր անոնց միայն տրուեցաւ Ու անոնց մէջէն օտարական մը չանցաւ)։
20 Չարը իր բոլոր օրերուն մէջ տանջանք կը կրէ Ու բռնաւորին քիչ տարիներ պահուած են։
21 Վախի ձայնը անոր ականջն է. Խաղաղութեան մէջ անոր վրայ կործանիչը պիտի գայ.
22 Չի հաւատար թէ մութէն պիտի ելլէ Ու անիկա սուրի սահմանուած է։
23 ‘Հացը ո՞ւր է’ ըսելով՝ թափառական կը պտըտի. Գիտէ թէ մութ օրը պատրաստ է իր ձեռքը։
24 Նեղութիւնն ու տառապանքը զանիկա կը վախցնեն Ու պատերազմի պատրաստուած թագաւորի պէս անոր կը յաղթեն,
25 Վասն զի Աստուծոյ դէմ ձեռք վերցուց Ու Ամենակարողին դէմ հպարտացաւ։
26 Անոր վրայ կը յարձակի գոռոզութեամբ Ու իր թանձր եւ ուռուցիկ վահանով։
27 Որովհետեւ իր երեսը ճարպով ծածկեց Ու երիկամունքները պարարտութեամբ գոցեց։
28 Անիկա աւերակ քաղաքներու մէջ բնակեցաւ Ու կործանելու մօտեցած անշէն տուներու մէջ։
29 Անիկա պիտի չհարստանայ, Անոր ստացուածքները հաստատ պիտի չըլլան։ Անոնց երջանկութիւնը երկրի վրայ պիտի չտարածուի։
30 Մութէն պիտի չազատի. Բոցը պիտի չորցնէ անոր ճիւղերը Ու Աստուծոյ բերնին շունչովը պիտի ոչնչանայ։
31 Խաբուելով ունայնութեան թող չվստահի, Վասն զի անոր վարձքը ունայնութիւն պիտի ըլլայ։
32 Օրերը չլմնցած պիտի կտրուի Ու ճիւղերը նորէն պիտի չկանանչանան։
33 Որթատունկի պէս իր ազոխը պիտի թափէ Ու ձիթենիի պէս իր ծաղիկները պիտի թօթափէ։
34 Վասն զի կեղծաւորներուն ժողովը ամայի պիտի ըլլայ Ու կրակը պիտի այրէ կաշառք առնողներուն վրանները։
35 Անոնք թշուառութիւն կը յղանան, անօրէնութիւն կը ծնանին Ու սրտերնին խաբէութիւն կը պատրաստէ»։