ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 30
«Բայց հիմա տարիքով ինծմէ պզտիկ եղողները զիս կը ծաղրեն, Որոնց հայրերը հօտերուս շուներուն հետ դնելու չէի հաճիր.
2 Անոնց ձեռքերուն ոյժը ինծի ի՞նչ օգուտ ունէր, Անոնց առուգութիւնը կորսուած էր։
3 Չքաւորութենէ ու անօթութենէ նիհարցեր էին։ Դէպի անապատը՝ մթին, աւերակ ու վայրի տեղերը կը փախչէին։
4 Կերակուրի համար մացառներուն քովի մոլոշները կը քաղէին Ու գիհիի արմատ կը հաւաքէին։
5 Մարդոց մէջէն կը վռնտուէին։ Անոնց ետեւէն գողի ետեւէ պոռալու պէս կը պոռային։
6 Սոսկալի ձորերու մէջ կը բնակէին, Հողի ու ապառաժներու ծակտիքներու մէջ։
7 Մացառներու մէջ կը կանչուըռտէին, Եղիճներու տակ կը հաւաքուէին։
8 Յիմար ու աննշան մարդոց զաւակներ ըլլալով՝ Երկրէն կը վռնտուէին։
9 Ու հիմա ես անոնց խաղը՝ Նաեւ անոնց ծաղրանքի առարկան եղեր եմ։
10 Ինծմէ գարշելով կը հեռանան քովէս։ Երեսս թքնելէ չեն քաշուիր։
11 Քանի որ Աստուած իմ կապս թուլցնելով՝ զիս խոնարհեցուց։ Անոնք իմ ներկայութեանս երասանակը կը թողուն։
12 Աջ կողմէս լակոտներ կ’ելլեն, Անոնք ոտքերս յառաջ կը հրեն Ու ինծի դէմ իրենց կորստեան ճամբաներ կը պատրաստեն։
13 Անոնք շաւիղներս կ’աւրեն, վիշտս կ’աւելցնեն Ու անոնց դէմ ինծի օգնութիւն ընող մը չկայ՝ ՝
14 Լայն խրամատէ մը գալու պէս կը յարձակին, Աւերակներու տակէն վրաս կը դիմեն։
15 Արհաւիրքները իմ վրաս դարձան Ու հովի պէս իմ պատիւս կը հալածեն Ու ազատութիւնս ամպի պէս անցաւ։
16 Հիմա հոգիս իմ ներսիդիս կը հալի, Տրտմութեան օրերը զիս պաշարեցին։
17 Իմ ցաւս գիշերը ոսկորներս ծակեց Ու ջիղերս հանգստութիւն չունեցան։
18 Իր մեծ զօրութիւնովը իմ հանդերձս փոխեց Ու իմ պատմուճանիս օձիքին պէս պատեց զիս։
19 Զիս ցեխի մէջ նետեց, Ես հողի ու մոխիրի նմանեցայ։
20 Ես քեզի կ’աղաղակեմ ու ինծի պատասխան չես տար. Կը կանգնիմ ու դուն ինծի ուշադրութիւն չես ըներ՝ ՝։
21 Դուն ինծի հանդէպ անգութ եղար, Ձեռքիդ զօրութիւնովը թշնամիի պէս կը վարուիս ինծի հետ
22 Զիս վերցնելով հովին վրայ կը հեծցնես Ու զիս մրրիկով կը հատցնես։
23 Ստոյգ գիտեմ թէ զիս մահուան պիտի տանիս, Բոլոր ապրողներուն համար սահմանուած տունը։
24 Անիկա աւերմունքին վրայ ձեռք պիտի չերկնցնէ, Եթէ կորստեան ատեն անոր աղաչեն՝ ՝։
25 Դժբաղդութեան մէջ եղողին համար չէի՞ լար. Աղքատին համար հոգիս չէ՞ր նեղանար։
26 Բայց երբ ես բարիք կը յուսայի՝ չարիքը հասաւ Ու երբ լոյսին կը սպասէի՝ խաւարը եկաւ։
27 Փորոտիքս եռաց ու չհանդարտեցաւ։ Թշուառութեանս օրերը ինծի հասան։
28 Սեւցած պտըտեցայ, բայց՝ ոչ արեւէն։ Ելայ ու ժողովուրդին մէջ աղաղակեցի։
29 Չագալներուն՝ եղբայր, Ջայլամներուն ընկեր եղայ։
30 Մորթս վրաս սեւցաւ, Ոսկորներս տաքութենէն այրեցան։
31 Ատոր համար իմ քնարս սուգի փոխուեցաւ Ու իմ սրինգս՝ լալկաններու ձայնի»։