ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 39
«Ժայռի այծեամներուն ծնանելու ժամանակը գիտե՞ս. Եղնիկներուն ծնանիլը դիտեցի՞ր։
2 Անոնց կատարելու ամիսները կրնա՞ս համրել Ու ծնանելու ժամանակնին գիտե՞ս։
3 Անոնք ծռելով ձագերնին կը ծնանին Ու ցաւերնին կ’անցընեն։
4 Անոնց ձագերը կը զօրանան, դաշտի մէջ կը մեծնան, Կ’երթան ու նորէն անոնց չեն դառնար։
5 Ցիռը ո՞վ համարձակ թող տուաւ Ու վայրենի իշուն կապերը ո՞վ քակեց,
6 Որո՞ւ տուի դաշտը տան համար Ու անապատը՝ անոր բնակութեանը համար։
7 Անիկա քաղաքին աղաղակը ծաղր կ’ընէ Ու հարկահանին պոռալը չի լսեր։
8 Անոր պտըտած լեռները իր արօտն են Ու ամէն տեսակ խոտ կը փնտռէ։
9 Միեղջերուն քեզի ծառայելու կը հաճի՞, Կամ քու մսուրիդ քով գիշերը կը մնա՞յ։
10 Արտ վարելու համար՝ ՝ միեղջերուն կրնա՞ս չուանով կապել, Կամ թէ քու ետեւէդ հովիտները կը տափանէ՞։
11 Անոր ոյժին շատ ըլլալուն համար անոր կը վստահի՞ս Ու գործդ անոր կը յանձնե՞ս։
12 Կը հաւատա՞ս թէ ան քու արմտիքդ պիտի բերէ Եւ քու կալդ հաւաքէ։
13 Ջայլամին թեւը ցնծութեամբ կը շարժի։ Արդեօք արագիլին թեւերուն ու փետուրներուն կը նմանի՞։
14 Անիկա իր հաւկիթները գետինը կը ձգէ Ու զանոնք հողին մէջ կը տաքցնէ,
15 Մոռնալով թէ մէկուն ոտքը կրնայ կոտրել, Կամ դաշտի գազանները ոտնակոխ կ’ընեն։
16 Անիկա անգութ է իր ձագերուն՝ իրենը չեղածներու պէս. Իր աշխատութեանը դատարկ ելլելուն վախը չունի։
17 Վասն զի Աստուած իմաստութենէ զուրկ ըրաւ զանիկա Ու հանճարէն անոր բաժին չտուաւ։
18 Անիկա բարձր ելած ժամանակը Ձին ու անոր վրայ հեծնողը ծաղր կ’ընէ։
19 Ձիերուն դո՞ւն ոյժ տուիր, Անոր պարանոցին բաշը դո՞ւն հագցուցիր։
20 Զանիկա մարախի պէս կրնա՞ս ցատկեցնել. Անոր վրնջելուն փառաւոր ձայնը՝ ՝ ահաւոր է։
21 Հովիտի մէջ գետինը կը փորէ ու իր զօրութիւնովը կը զուարճանայ. Սպառազէնը դիմաւորելու կ’ելլէ.
22 Երկիւղը ծաղր կ’ընէ, բանէ մը չի վախնար Ու սուրին երեսէն ետ չի դառնար։
23 Նետերը անոր վրայ կը սուլեն, Նաեւ փայլուն նիզակն ու գեղարդը։
24 Կատաղութեամբ եւ բարկութեամբ գետինը կը դողացնէ Ու փողին ձայնը լսելուն պէս՝ չի կրնար ինքզինք զսպել։
25 Քանի որ փողը կը հնչուի, «Աղէ՜», կ’ըսէ։ Հեռուէն կառնէ պատերազմին հոտը։ Զօրագլուխներուն որոտումն ու ազդարարութիւնը կը լսէ։
26 Բազէն քո՞ւ իմաստութիւնովդ կը թռչի Ու թեւերը դէպի հարաւ կը բանայ։
27 Արծիւը քո՞ւ հրամանովդ կը բարձրանայ Ու բոյնը բարձրերը կը հաստատէ։
28 Անիկա ժայռի վրայ, ժայռի գագաթներու վրայ Ու ապառաժներու մէջ բոյն կը շինէ ու կը բնակի։
29 Կերակուրը անկէ կը փնտռէ։ Անոր աչքերը հեռուէն կը տեսնեն։
30 Անոր ձագերն ալ արիւն կը ծծեն Եւ ուր որ դիակներ ըլլան, անիկա հոն է»։