ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 18
Այն ատեն Բաղդատ Սօքեցին պատասխանեց.
2 «Ե՞րբ այդ խօսքերը պիտի հատցնէք. Հասկցէ՛ք ու անկէ ետքը խօսինք։
3 Ինչո՞ւ համար անասուններու պէս համարուինք Ու աչքերնուդ առջեւ անմաքուր սեպուինք։
4 (Դուն որ բարկութիւնովդ քեզ կը պատառես), Միթէ երկիրը քեզի համար երեսի վրայ պիտի ձգուի՞ Ու ապառաժը իր տեղէն պիտի փոխադրուի՞։
5 Անշուշտ ամբարշտին լոյսը պիտի մարի Ու անոր կրակին բոցը լոյս պիտի չտայ.
6 Անոր վրանին մէջ լոյսը պիտի խաւարի Ու անոր ճրագը անոր վրայ պիտի մարի։
7 Անոր զօրութեանը քայլերը նեղութիւն պիտի կրեն Ու անոր խորհուրդը զանիկա գետինը պիտի զարնէ։
8 Վասն զի իր ոտքերովը ուռկանի մէջ պիտի բռնուի Ու ցանցի վրայ պիտի քալէ։
9 Վարմը անոր գարշապարը պիտի բռնէ Ու աւարառուն անոր պիտի յաղթէ։
10 Անոր համար գետնին մէջ թակարդ պահուած է Ու անոր ճամբուն վրայ՝ որոգայթ։
11 Արհաւիրքը զանիկա ամէն կողմէն պիտի պաշարէ Ու զանիկա իր ոտքերովը ասդին անդին պիտի վազցնէ։
12 Անոր զօրութիւնը պիտի անօթենայ Ու կորուստը անոր քով պատրաստ է,
13 Որ անոր մորթին ոյժը ուտէ։ Մահուան առջինեկը պիտի ուտէ անոր ոյժը։
14 Անոր վստահութիւնը իր վրանէն պիտի կտրուի Ու անիկա դէպի զարհուրանքի թագաւորը պիտի քշուի։
15 Անոր վրանին մէջ զարհուրանք պիտի բնակի, որ այնուհետեւ իրը պիտի չըլլայ. Ու անոր բնակարանին վրայ ծծումբ պիտի ցանուի։
16 Անոր արմատները տակէն պիտի չորնան Ու վերէն ճիւղերը պիտի կտրուին։
17 Անոր յիշատակը երկրէն պիտի կորսուի Ու անոր անունը հրապարակներուն մէջ պիտի չտրուի։
18 Անիկա լոյսէն խաւարը պիտի քշուի Ու անիկա աշխարհէն պիտի վռնտուի։
19 Իր ժողովուրդին մէջ ո՛չ զաւակ պիտի ունենայ եւ ո՛չ թոռ Ու անոր բնակարաններուն մէջ մէ՛կը պիտի չմնայ։
20 Յետինները անոր օրուանը վրայ պիտի զարմանան Ու առաջինները պիտի սոսկան։
21 Արդարեւ, ամբարշտին բնակարանները այսպէս պիտի ըլլան Ու Աստուած չճանչցողին տեղը այսպէս է»։