ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 4

Այն ատեն Եղիփազ Թեմանացին պատասխան տուաւ ու ըսաւ.
2 «Պիտի վշտանա՞ս արդեօք՝ եթէ սկսինք քեզի խօսիլ։ Բայց ո՞վ կրնայ զինք զսպել, որ չխօսի։
3 Ահա դուն շատերուն խրատ տուիր Ու տկար ձեռքերը զօրացուցիր։
4 Քու խօսքերդ սահելու վրայ եղողը հաստատեցին Ու դուն տկարացած ծունկերը կազդուրեցիր.
5 Բայց հիմա այս փորձանքը քեզի պատահեցաւ ու դժուարացար. Քեզի դպաւ ու բոլորովին շփոթեցար։
6 Միթէ աստուածապաշտութիւնը քու յոյսդ չէ՞ Ու ճամբաներուդ ուղղութիւնը՝ քու ակնկալութիւնդ։
7 Աղէ՜, մի՛տքդ բեր. ո՞ր անմեղը կորսուեցաւ Եւ ո՞ւր արդարները բնաջինջ եղան։
8 Ինչպէս տեսայ, անօրէնութիւն հերկողները Եւ անիրաւութիւն ցանողները նոյնը կը հնձեն։
9 Աստուծոյ շունչէն կը կորսուին Ու անոր ռնգունքին արտաշնչումէն բնաջինջ կ’ըլլան։
10 Անիկա կը խափանէ առիւծին մռնչիւնը եւ մռնչող առիւծին ձայնը Ու կորիւններուն ակռաները կը կոտրտուին։
11 Առիւծը առանց որսի կը կորսուի Ու մատակ առիւծին կորիւնները կը ցրուին։
12 Ինծի գաղտուկ կերպով խօսք մը ըսուեցաւ Ու անոր շշունջը ականջս հասաւ։
13 Գիշերուան տեսիլքներուն արհաւիրքը Քունի մէջ թմրած մարդուն վրայ կ’իջնէ։
14 Վրաս այնպիսի վախ մը ու դող մը եկաւ, Որ բոլոր ոսկորներս ցնցեց։
15 Առջեւէս ոգի մը անցաւ Ու մարմնիս մազերը փուշ փուշ եղան։
16 Անիկա կայնեցաւ, բայց ես չկրցայ զանազանել անոր կերպարանքը. Աչքերուս առջեւ երեւոյթ մը կար։ Լռութիւն եղաւ ու ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր.
17 «Միթէ մարդը Աստուծոյ առջեւ արդար կրնա՞յ ըլլալ, Մարդը Արարիչէն աւելի մաքուր կրնա՞յ ըլլալ»։
18 Ահա անիկա իր ծառաներուն չի հաւատար։ Իր հրեշտակներուն վրայ պակասութիւն կը գտնէ։
19 Ալ ո՞ւր կը մնան անոնք, որ կաւեղէն տուներու մէջ կը բնակին, Որոնց հիմը փոշիին մէջ է եւ որոնք ցեցէն առաջ կը ճզմուին։
20 Անոնք առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը ճնշուին Ու առանց մէկուն իմանալուն կը կորսուին յաւիտեան։
21 Ահա անոնց վրայ եղած փառաւորութիւնը կը վերցուի։ Անոնք կը մեռնին առանց իմաստուն ըլլալու»։