ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 33

«Բայց, աղէ՜, ո՛վ Յոբ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ, Բոլոր ըսածներուս ականջ դիր։
2 Ահա հիմա բերանս կը բանամ Ու լեզուս բերնիս մէջ կը խօսի։
3 Խօսքերս սրտիս ուղղութեանը պէս պիտի ըլլան Ու շրթունքներս զուտ իմաստութիւն պիտի խօսին։
4 Զիս Աստուծոյ Հոգին ստեղծեց Ու Ամենակարողին շունչը ինծի կեանք տուաւ։
5 Եթէ կրնաս, պատասխան տուր ինծի, Պատրաստուելով առջեւս կեցիր։
6 Ահա ես քու ըսածիդ համեմատ Աստուծոյ համար կը կենամ, Ես ալ հողէն ստեղծուեցայ։
7 Ահա իմ երկիւղս քեզ պիտի չզարհուրեցնէ Ու իմ ձեռքս քու վրադ պիտի չծանրանայ։
8 Արդարեւ ականջիս ըսիր Ու խօսքերուդ ձայնը լսեցի, որ ըսիր.
9 ‘Ես մաքուր եմ ու առանց յանցանքի. Ես անարատ եմ ու իմ վրաս անօրէնութիւն չկայ.
10 Ահա անիկա ատելութեան պատճառանք կը գտնէ Զիս իրեն թշնամի կը սեպէ.
11 Ոտքերս կոճղերու մէջ կը դնէ, Իմ բոլոր շաւիղներս կը դիտէ’։
12 Ահա քեզի պատասխան կու տամ, որ այս բանին մէջ իրաւունք չունիս, Վասն զի Աստուած մարդէն մեծ է։
13 Անոր հետ ինչո՞ւ կը վիճիս, Որովհետեւ անիկա բնաւ իր ըրածներուն հաշիւը չի տար։
14 Յիրաւի Աստուած մէկ անգամ կամ երկու անգամ կը խօսի (Թէեւ մարդը ուշադրութիւն չ’ըներ),
15 Երազի մէջ, գիշերուան տեսիլքի մէջ, Երբ խորունկ քուն մը կ’իյնայ մարդոց վրայ, Երբ անոնք իրենց անկողիններուն մէջ կը քնանան։
16 Այն ատեն մարդոց ականջները կը բանայ Ու իր խրատով կը զգուշացնէ,
17 Որպէս զի մարդը գէշ գործէ դարձնէ Ու մարդէն հպարտութիւնը արգիլէ։
18 Անոր հոգին գերեզմանէն կը պահէ Ու կեանքը՝ որպէս զի սրով չմեռնի։
19 Նաեւ մարդը իր անկողնին մէջ ցաւով կը պատժուի Եւ իր բոլոր ոսկորները՝ սաստիկ ցաւով։
20 Այն ատեն անոր անձը հացէն կը զզուի Եւ անոր հոգին՝ փափաքելի կերակուրէն։
21 Անոր մարմինը այնպէս կը հալի, որ ալ չ’երեւնայ Ու անոր չերեւցած ոսկորները դուրս կ’ելլեն։
22 Անոր անձը գերեզմանին կը մօտենայ Ու անոր կեանքը՝ կորուստի։
23 Եթէ անոր քով միջնորդ պատգամաւոր մը ըլլայ, Հազարէն մէկը, Որ անոր ուղղութիւնը մարդուն իմացնէ,
24 Այն ատեն անոր ողորմելով պիտի ըսէ. ‘Ազատէ զանիկա, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ։ Ես քաւութիւն մը գտայ։
25 Անոր մարմինը տղու մարմինէն աւելի փափուկ պիտի ըլլայ Ու անիկա իր մանկութեան օրերուն պիտի դառնայ’։
26 Աստուծոյ պիտի աղաղակէ ու Աստուած զանիկա պիտի ընդունի Ու անոր երեսը ուրախութեամբ պիտի տեսնէ. Քանզի Անիկա պիտի հատուցանէ մարդուն՝ անոր արդարութեանը համեմատ։
27 Անիկա մարդոց վրայ կը նայի Ու եթէ մէկը ըսէ՝ ‘Մեղք գործեցի ու իրաւունքը աւրեցի Ու ասիկա ինծի օգտակար չեղաւ,
28 Աստուած իմ հոգիս ազատեց, որպէս զի գերեզմանը չիջնէ. Այլ իմ կեանքս լոյսը տեսնէ’։
29 Ահա Աստուած այս բոլոր բաները Երկու երեք անգամ մարդուն կ’ընէ,
30 Որպէս զի անոր հոգին գերեզմանէն դարձնէ, Որպէս զի ապրողներուն լոյսովը լուսաւորուի։
31 Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յոբ, ինծի մտիկ ըրէ, Լուռ կեցիր, որպէս զի ես խօսիմ։
32 Եթէ ըսելիք ունիս՝ ինծի պատասխան տուր. Ըսէ, վասն զի քեզ արդարացնել կը փափաքիմ։
33 Եթէ ոչ՝ ինծի՛ մտիկ ըրէ, Լո՛ւռ կեցիր, որպէս զի ես քեզի իմաստութիւն սորվեցնեմ»։