ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 26
Այն ատեն Յոբ պատասխանեց.
2 «Տկարին ի՞նչ օգնութիւն ըրիր Եւ ոյժ չունեցող բազուկը ի՞նչպէս զօրացուցիր։
3 Անխելքին ի՞նչ խրատ տուիր Ու ի՞նչ իմաստութիւն ցուցուցիր։
4 Դուն որո՞ւ ըսիր այս խօսքերը Ու որո՞ւն շունչը ելաւ քեզմէ։
5 Ոգիները վարէն կը դողան, Նաեւ ջուրերն ու անոնց բնակիչները։
6 Դժոխքը բաց է անոր առջեւ Ու կորուստը անծածկոյթ է։
7 Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ Ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ։
8 Ջուրերը իր մութ ամպերուն մէջ կը ծրարէ Ու անոնց տակէն ամպը չի պատռիր։
9 Իր աթոռին երեսը կը պահէ, Անոր վրայ իր ամպը կը տարածէ։
10 Ջուրերուն երեսին վրայ ամէն կողմէն սահմաններ դրաւ Մինչեւ լոյսին ու խաւարին ծայրը։
11 Երկնքի սիւները կը սարսին Ու անոր յանդիմանութենէն կ’ապշին։
12 Իր զօրութիւնովը ծովը կը խաղաղեցնէ Ու իր գիտութիւնովը հպարտութիւնը կը զարնէ։
13 Իր Հոգիովը երկինքը զարդարեց։ Անոր ձեռքը փախչող Վիշապը ստեղծեց։
14 Ահա ասոնք են անոր ճամբաներուն ծայրերը, Բայց անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է. Եւ ո՞վ կրնայ իմանալ անոր զօրութեան որոտումը»։