ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 31

«Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։
2 Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծի Ու բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։
3 Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞ Ու սոսկալի պատիժը՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։
4 Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներ Ու ամէն քայլերս չի՞ համրեր։
5 Եթէ ստութեան մէջ քալեցի, Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց,
6 Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքով Ու Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։
7 Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւ Ու սիրտս աչքերուս ետեւէն գնաց Ու ձեռքերուս արատ մը փակաւ,
8 Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէ Ու բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։
9 Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ, Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ,
10 Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէ Եւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։
11 Վասն զի այս պղծագործութիւն է Ու դատաւորներէն դատուելու անօրէնութիւն։
12 Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէ Ու բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։
13 Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ունել չուզեցի Ու ինծի հետ վեճ ունեցան,
14 Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէ Ու երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։
15 Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։ Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։
16 Եթէ աղքատին խնդրածը չտուի Ու որբեւարիին աչքերը մարեցուցի,
17 Եթէ պատառս մինակ կերայ Ու անկէ որբն ալ չկերաւ,
18 (Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա Ու մօրս արգանդէն անոր խնամք տարի),
19 Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ, Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ
20 Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիս Ու իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան,
21 Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի, Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան,
22 Թող իմ անրակս ուսէս իյնայ Ու բազուկս արմուկէս կտրուի։
23 Քանի որ Աստուծոյ դատաստանէն կը վախնայի Ու անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ։
24 Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի, Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’.
25 Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համար Ու ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ,
26 Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը, Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին
27 Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւ Ու բերանս ձեռքս համբուրեց
28 (Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է, Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի),
29 Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ, Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի
30 (Լեզուիս ալ թողուցի, որ մեղք գործէ՝ Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով),
31 Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝ ‘Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած՝ ՝’
32 (Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար, Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի).
33 Եթէ յանցանքներս Ադամին պէս ծածկեցի Ու անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի,
34 Շատ բազմութենէ վախնալով Ու ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով, Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։
35 Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար (Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայ) Ու իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։
36 Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէի Ու պսակի պէս ինծի պիտի կապէի.
37 Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի, Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։
38 Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէ Ու անոր ակօսները լան,
39 Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ, Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի,
40 Ցորենին տեղ՝ փուշ Ու գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։ Յոբին խօսքերը լմնցան։