ՅՈԲԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42


Գլուխ 19

Յոբը պատասխանեց.
2 «Մինչեւ ե՞րբ հոգիս պիտի վշտացնէք Ու զիս խօսքերով պիտի ճնշէք։
3 Արդէն տասը անգամ է որ զիս կը մեղադրէք։ Չէ՞ք ամչնար որ վրաս կը յարձակիք։
4 Եթէ արդարեւ ես սխալեր եմ, Իմ սխալս իմ քովս կը մնայ։
5 Եթէ անպատճառ ամբարտաւանութեամբ խօսիլ կ’ուզէք ինծի դէմ Ու ամօթս երեսս զարնել,
6 Գիտցէք ուրեմն թէ զիս Աստուած կործանեց Ու իր ցանցը իմ շուրջս դարձուց։
7 Ահա ինծի եղած անիրաւութեանը համար կ’աղաղակեմ ու պատասխան տուող չկայ, Կը բողոքեմ, բայց արդարութիւն չկայ։
8 Անիկա իմ ճամբաս գոցեց, այնպէս որ չեմ կրնար անցնիլ. Իմ շաւիղներուս վրայ խաւար դրաւ։
9 Զիս իմ փառքս մերկացուց Ու գլխէս թագը վերցուց։
10 Զիս ամէն կողմէ աւերեց ու ես գացի Ու իմ յոյսս ծառի մը պէս արմատէն խլեց։
11 Անոր բարկութիւնը իմ վրաս բորբոքեցաւ Ու զիս իր թշնամիներուն կարգը դրաւ։
12 Անոր գունդերը մէկտեղ եկան Ու ճամբանին ինծի դէմ պատրաստեցին Ու վրանիս բոլորտիքը բանակեցան։
13 Անիկա իմ եղբայրներս ինծմէ հեռացուց Ու արդարեւ ծանօթներս օտարացան ինծմէ։
14 Ազգականներս զիս թողուցին Ու իմ ճանչուորներս զիս մոռցան։
15 Իմ տունս բնակողներն ու աղախիններս զիս անծանօթ մէկը սեպեցին Ու անոնց աչքին առջեւ օտարական եղայ։
16 Ծառաս կանչեցի ու անիկա պատասխան չտուաւ, Թէեւ բերնովս անոր աղաչեցի։
17 Իմ շունչս ատելի եղաւ կնոջս Ու իմ աղաչանքներս՝ իմ մօրս որովայնին որդիներուն։
18 Փոքր տղաքն ալ զիս կ’անարգեն Ու երբ կ’ելլեմ, ինծի դէմ կը խօսին։
19 Բոլոր մտերիմ բարեկամներս ինծմէ զզուեցան Ու իմ սիրականներս ինծի դէմ դարձան։
20 Ոսկորներս մորթիս ու մարմնիս փական, Միայն ակռաներուս կաշիովը ազատեցայ։
21 Ո՛վ իմ բարեկամներս, դո՛ւք ողորմեցէք ինծի, Ողորմեցէ՛ք ինծի, քանզի Աստուծոյ ձեռքը ինծի դպաւ։
22 Ինչո՞ւ Աստուծոյ պէս կը հալածէք Ու մարմինէս չէք կշտանար։
23 «Երանի՜ թէ հիմա խօսքերս գրուէին. Երանի՜ թէ գրքի մը մէջ քանդակուէին։
24 Երկաթէ գրիչով կապարի վրայ Ու քարի վրայ յաւիտենապէս փորագրուէին։
25 Վասն զի գիտեմ թէ իմ Փրկիչս ողջ է Ու անիկա վերջին ժամանակը պիտի ելլէ երկրի վրայ։
26 Ու թէեւ մորթէս ետքը այս ալ փճանայ, Բայց իմ մարմնովս Աստուած պիտի տեսնեմ,
27 Ես ինծի համար պիտի տեսնեմ Ու իմ աչքերս պիտի դիտեն զանիկա եւ ո՛չ թէ ուրիշը։ Երիկամունքներս իմ ներսիդիս կը հալին։
28 Պէտք էր ըսէիք. ‘Ինչո՞ւ կը հալածենք զանիկա’ Եւ ‘Բանին արմատը իր մէջ գտնուեցաւ’։
29 Սուրէն վախցէք. վասն զի բարկութեան պատիժը սուրն է, Որպէս զի գիտնաք թէ դատաստան մը կայ»։