ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 23
Յոբ պատասխանեց.
2 «Այսօր ալ իմ գանգատս դառն է, Անոր հարուածը հառաչանքէս ծանր է։
3 Երանի՜ թէ կարող ըլլայի գտնել զանիկա, Մինչեւ անոր աթոռը երթայի,
4 Իմ դատս անոր առջեւ տարածէի Ու բերանս փաստերով լեցնէի։
5 Պիտի գիտնայի թէ ինծի ի՛նչ պատասխան պիտի տար Ու պիտի հասկնայի ինչ որ ինծի պիտի ըսէր։
6 Միթէ ուժին շատութիւնովը ինծի հետ պիտի վիճէ՞ր։ Ո՛չ։ Հապա ինք զիս պիտի զօրացնէր։
7 Ուղիղ մարդը հոն կրնայ վիճաբանիլ անոր հետ Ու ես իմ Դատաւորէս յաւիտեան պիտի ազատուէի։
8 Բայց ահա դէպի արեւելք կ’երթամ ու անիկա չերեւնար Եւ դէպի արեւմուտք ու զանիկա չեմ նշմարեր։
9 Դէպի հիւսիս կ’երթամ, ուր ինք կը գործէ, Բայց զանիկա չեմ կրնար դիտել։ Հարաւային կողմը կը պահուի Ու չեմ կրնար տեսնել զանիկա։
10 Իսկ անիկա գիտէ իմ ճամբաս։ Երբ զիս փորձէ, ոսկիի պէս պիտի ելլեմ։
11 Ոտքս անոր քայլերուն վրայ հաստատուեցաւ, Անոր ճամբան պահելով՝ չմոլորեցայ։
12 Անոր շրթունքներուն պատուիրանքներէն չզատուեցայ։ Անոր բերնին խօսքերը իմ պիտոյքէս աւելի պահեցի։
13 Բայց անիկա մէկ մտքի վրայ է Եւ ո՞վ կրնայ զանիկա դարձնել. Իր սրտին ուզածը կ’ընէ։
14 Ուրեմն ինծի համար սահմանուածը պիտի կատարէ։ Ասոր պէս շատ բաներ կան անոր քով։
15 Անոր համար անոր ներկայութենէն կը շփոթիմ։ Երբ մտածեմ՝ անկէ կը վախնամ։
16 Վասն զի Աստուած սիրտս կը կակուղցնէ Ու Ամենակարողը զիս կը շփոթեցնէ,
17 Որովհետեւ ես թշուառութեան խաւարէն չմեռայ Ու մութը զիս չծածկեց»։