ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 9
Յոբ պատասխանեց.
2 «Իրաւցընէ այնպէս ըլլալը գիտեմ Ու մարդը ի՞նչպէս պիտի արդարանայ Աստուծոյ առջեւ։
3 Եթէ անոր հետ վիճաբանիլ ուզէ, Հազարէն մէկը չի կրնար անոր պատասխան տալ։
4 Անիկա սրտով իմաստուն եւ ուժով կարող է. Ո՞վ անոր դէմ իր սիրտը խստացուցեր ու յաջողութիւն գտեր է։
5 Անիկա լեռները կը տեղափոխէ ու անոնք չեն գիտնար։ Իր բարկութիւնովը զանոնք կը տապալէ։
6 Երկիրը իր տեղէն կը շարժէ Ու անոր սիւները կը դողան։
7 Արեւին հրաման կ’ընէ ու անիկա չի ծագիր Ու աստղերը կը կնքէ։
8 Ինք մինակը երկինքը կը տարածէ Ու ծովուն ալիքներուն վրայ կը քալէ։
9 Անիկա ըրաւ Արջը, Հայկն ու Բազմաստեղը Ու հարաւի շտեմարանները։
10 Անիկա Անքննելի մեծագործուներ Ու անթիւ սքանչելիքներ կ’ընէ։
11 Ահա անիկա քովէս կ’անցնի ու ես չեմ տեսներ։ Յառաջ կ’անցնի ու չեմ իմանար։
12 Եթէ յափշտակէ, ո՞վ կրնայ զանիկա արգիլել։ Ո՞վ կարող է ըսել անոր՝ ‘Ի՞նչ կ’ընես’։
13 Աստուած իր բարկութիւնը ետ չի դարձներ Ու հպարտ օգնականները անոր տակ կը խոնարհին։
14 Ո՞ւր մնաց որ ես անոր պատասխան տամ Ու անոր դէմ վիճելու համար խօսքեր ընտրեմ։
15 Թէեւ արդար ալ ըլլամ, պատասխան պիտի չտամ. Իմ դատաւորէս շնորհք պիտի խնդրեմ։
16 Եթէ ես զանիկա կանչէի ու ինծի պատասխան ալ տար, Պիտի չհաւատայի թէ անիկա իմ ձայնս լսած է։
17 Որովհետեւ փոթորիկով զիս ճնշեց Ու առանց պատճառի իմ վէրքերս աւելցուց։
18 Զիս չի թողուր որ շունչ առնեմ, Հապա դառնութեամբ զիս կը լեցնէ։
19 Եթէ զօրութիւն փնտռուի, ահա անիկա զօրաւոր է, Իսկ՝ եթէ արդարութիւն՝ ո՞վ զիս ատեանը պիտի կանչէ՝ ՝։
20 Եթէ անձս արդարացնեմ, իմ բերանս զիս կը դատապարտէ. Եթէ զիս անմեղադրելի երեւցնեմ, զիս յանցաւոր կը հանէ։
21 Եթէ զիս կատարեալ երեւցնեմ, իմ անձս չեմ ճանչնար, Իմ կեանքս կ’արհամարհեմ։
22 Ամէնը մէկ է. անոր համար ըսի թէ Անիկա արդարն ու ամբարիշտը մէկտեղ բնաջինջ կ’ընէ։
23 Եթէ հարուածը յանկարծ մեռցնէ, Անիկա անմեղին պատահած փորձութեանը վրայ կը ծիծաղի։
24 Երկիրը ամբարշտին ձեռքը տրուեցաւ։ Աստուած անոր դատաւորներուն երեսը կը ծածկէ։ Եթէ ոչ՝ ո՞վ է անիկա։
25 Արդ՝ իմ օրերս սուրհանդակէն արագ են, Փախան առանց բարութիւն տեսնելու։
26 Արագագնաց նաւերու պէս՝ Որսի վրայ յարձակող արծիւի պէս կ’անցնին։
27 Եթէ ըսեմ՝ ‘Գանգատս մոռնամ, Տրտմութիւնս ձգեմ ու զուարթ ըլլամ’,
28 Բոլոր թշուառութիւններէս կը վախնամ. Գիտեմ թէ զիս անմեղ պիտի չհամարես
29 Ու ամբարիշտ պիտի սեպուիմ։ Ինչո՞ւ համար զուր տեղը աշխատիմ։
30 Եթէ ձիւնի ջրով լուացուիմ Ու ձեռքերս մաքրութիւնով սրբեմ,
31 Այն ժամանակ զիս փոսը կ’ընկղմես Ու հանդերձս պիտի զզուի ինծմէ,
32 Վասն զի ինծի պէս մարդ չէ, որ անոր պատասխան տամ Ու մէկտեղ դատաստանի երթանք։
33 Միջնորդ դատաւոր մը չկայ մեր մէջ, Որ կարենայ իր ձեռքը մեր երկուքին վրայ դնել։
34 Թող իր գաւազանը վրայէս վերցնէ Ու անոր երկիւղը ա՛լ զիս չզարհուրեցնէ,
35 Այն ատեն պիտի խօսիմ ու անկէ պիտի չվախնամ. Բայց եղած վիճակիս մէջ ես իմ անձիս տէրը չեմ»։