ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 29
Յոբ նորէն իր խօսքը սկսելով՝ ըսաւ.
2 «Երանի թէ առաջին ամիսներուն պէս, Աստուծոյ զիս պահած օրերուն պէս ըլլայի,
3 Երբ անոր ճրագը իմ գլխուս վրայ լոյս կու տար Ու ես խաւարի մէջ անոր լոյսովը կը քալէի։
4 Երիտասարդութեանս օրերը եղածիս պէս՝ Երբ Աստուծոյ մտերմութիւնը իմ վրանիս մէջ էր.
5 Երբ Ամենակարողը տակաւին ինծի հետ էր Ու տղաքս իմ բոլորտիքս էին։
6 Երբ իմ ճամբաներս կոգիով կը թրջէի Ու ապառաժէն ինծի համար ձէթի հեղեղներ կը վազէին։
7 Երբ դռնէն քաղաքը կ’ելլէի Ու աթոռս հրապարակին մէջ կը դնէի,
8 Երիտասարդները զիս տեսնելով կը պահուէին Ու ծերերը ոտքի կ’ելլէին, կը կանգնէին,
9 Իշխանները խօսելէն կը դադարէին Ու ձեռքերնին իրենց բերնին վրայ կը դնէին,
10 Ազնուականները ձայներնին կը կտրէին, Անոնց լեզուն իրենց քիմքին կը փակչէր։
11 Ինծի մտիկ ընող ականջը ‘Երանի՜’ կ’ըսէր ինծի Ու զիս տեսնող աչքը կը վկայէր ինծի համար։
12 Վասն զի ես աղաղակող աղքատը Եւ որբն ու օգնութիւն չունեցողը կ’ազատէի։
13 Կորսուելու վրայ եղողին օրհնութիւնը վրաս կու գար Ու որբեւարիին սիրտը կ’ուրախացնէի։
14 Արդարութիւն կը հագնէի։ Անիկա էր իմ հանդերձս։ Ու ուղղամտութիւնը պատմուճանի ու խոյրի պէս էր։
15 Կոյրին աչքեր էի Ու կաղին՝ ոտքեր։
16 Աղքատին հայր էի։ Կը պաշտպանէի իրաւունքը անոր, որ չէի ճանչնար։
17 Անիրաւին ժանիքը կը կոտրէի Ու անոր ակռաներէն որսը կը խլէի
18 Ու կ’ըսէի. «Բոյնիս մէջ պիտի մեռնիմ Եւ օրերս աւազի պէս պիտի շատցնեմ։
19 Արմատս դէպի ջուրերը կը տարածուէր Ու ցօղը բոլոր գիշերը ոստերուս վրայ էր։
20 Փառքս իմ վրաս կը նորոգուէր Ու աղեղս ձեռքիս մէջ կ’ուժովնար»։
21 Մարդիկ ինծի մտիկ կ’ընէին ու կը սպասէին։ Երբ իմ խորհուրդս յայտնէի՝ լուռ կը կենային։
22 Իմ խօսելէս յետոյ անոնք ա՛լ չէին խօսիր։ Ու իմ խօսքս անոնց վրայ կը կաթէր։
23 Անձրեւի սպասելու պէս ինծի կը սպասէին Ու վերջին անձրեւին փափաքելու պէս բերաննին կը բանային։
24 Եթէ անոնց վրայ խնդայի՝ չէին հաւատար Ու երեսիս լոյսը չէին կրնար արհամարհել։
25 Անոնց ճամբաները ընտրելով՝ իբր իշխան կը նստէի Եւ իր զօրքին մէջ եղող թագաւորի մը պէս Ու սգաւորներուն՝ մխիթարիչի մը պէս կը բնակէի։