ՅՈԲԱՅ
Գլուխ 41
«Լեւիաթանը կարթով կրնա՞ս վերցնել Ու անոր լեզուէն լարով կրնա՞ս քաշել։
2 Անոր քթին չուան անցընելով Ծնօտը կրնա՞ս փուշով ծակել։
3 Միթէ անիկա քեզի շատ աղաչանքներ կ’ընէ՞, Քեզի մեղմ խօսքեր կ’ըսէ՞։
4 Անիկա քեզի հետ ուխտ կ’ընէ՞։ Զանիկա մշտնջենաւոր ծառայի պէս կրնա՞ս առնել։
5 Թռչունի հետ խաղալու պէս՝ անոր հետ կրնա՞ս խաղալ, Կամ թէ քու աղախիններուդ համար զանիկա կրնա՞ս կապել։
6 Ընկերները անոր մսովը հացկերոյթ կրնա՞ն ընել. Անիկա վաճառականներուն մէջ կը բաժնուի՞։
7 Անոր մորթը սլաքներով Ու անոր գլուխը ձկնորսի տէգերով կրնա՞ս լեցնել։
8 Ձեռքդ անոր վրայ դիր, պատերազմը յիշէ Ու նորէն պիտի չպատերազմիս։
9 Ահա անոր բռնուելուն յոյսը պարապ է. Զանիկա տեսնելով՝ մարդ չի՞ զարհուրիր։
10 Չկայ քաջասիրտ մէկը, որ զանիկա արթնցնէ։ Հապա իմ առջեւս ո՞վ կրնայ կենալ։
11 Ո՞վ նախապէս ինծի տուաւ, որ ես անոր հատուցանեմ. Բոլոր երկնքի տակ եղածը իմս է։
12 Անոր անդամներուն ու զօրութեանը, Նաեւ գեղեցիկ կարգաւորութեանը վրայ պիտի խօսիմ ու պիտի չլռեմ։
13 Անոր հանդերձին երեսը ո՞վ կրնայ բանալ, Անոր երկու կզակներուն մէջ ո՞վ կրնայ մտնել,
14 Անոր երեսին դռները ո՞վ կրնայ բանալ, Ահը անոր ակռաներուն բոլորտիքն է։
15 Անոր ամուր վահանները իր հպարտութիւնն են, Պինդ կնքուածի պէս գոց են։
16 Այնպէս քովէ քով շարուած են, Որ անոնց մէջ քամի չի կրնար մտնել.
17 Իրարու կցուած են, Մէկզմէկ կը բռնեն ու բնաւ չեն զատուիր։
18 Անոր փռնգտալէն լոյս կը փայլի Ու աչքերը արշալոյսին արտեւանունքներուն կը նմանին։
19 Անոր բերնէն վառած ջահեր կ’ելլեն Ու կրակի կայծեր կը ցայտեն։
20 Քթին ծակերէն շոգի կ’ելլէ Եռացող սանի կամ կաթսայի պէս։
21 Անոր շունչէն կրակի կայծեր կը բորբոքին Ու բերնէն բոց կ’ելլէ։
22 Անոր պարանոցին վրայ ոյժը կը բնակի Ու երկիւղը անոր առջեւ կը խաղայ։
23 Անոր մսին ծալուածքները փակած են, Անոր վրայ հաստատուելով չեն երերար։
24 Անոր սիրտը քարի պէս պինդ է Ու աղօրիքին տակի քարին պէս ամուր է։
25 Անոր ելած ժամանակը զօրաւորները կը վախնան Ու երկիւղէն կը շփոթին։
26 Անոր վրայ յարձակողին սուրը չի դիմանար, Ո՛չ ալ նիզակը, գեղարդն ու զրահը։
27 Երկաթը յարդի պէս է անոր առջեւ Ու պղինձը՝ փտտած փայտի պէս։
28 Աղեղին նետը զանիկա չի փախցներ, Պարսատիկի քարերը անոր դէմ մղեղ կը դառնան։
29 Մահակները շիւղերու տեղ կը սեպէ, Տէգին ճօճուիլը ծաղր կ’ընէ։
30 Անոր տակ սրածայր խեցիի կտորուանք կան, Ցեխին վրայ սուր բաներ կը տարածէ։
31 Անդունդը սանի մը պէս կ’եռացնէ Ու ծովը օծանելիքի կաթսային նման կ’ընէ։
32 Իր ետեւէն ճամբան պայծառ կ’երեւցնէ, Անդունդը ճերմկցած մազերու կը նմանի։
33 Երկրի վրայ անոր նմանը չկայ, Որ այնպէս անվախ ստեղծուած ըլլայ։
34 Ամէն բարձր բաներու վրայ կը նայի, Բոլոր հպարտութեան որդիներուն թագաւորն է»։