ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 9

Բայց այնպէս խաւար պիտի չըլլայ, ինչպէս նեղութեան ժամանակը, Երբ ժամանակին անարգեց Զաբուղոնի երկիրը ու Նեփթաղիմի երկիրը. Հապա վերջին ատենը պիտի փառաւորէ ծովուն ճամբան, Յորդանանի անդիի կողմը, Հեթանոսներու Գալիլիան։
2 Խաւարի մէջ պտըտող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան ստուերին երկիրը բնակողներուն լոյս ծագեցաւ։
3 Ազգը շատցուցիր, անոր ուրախութիւնը մեծցուցիր. Անոնք քու առջեւդ կ’ուրախանան՝ հունձքի ատենի ուրախութեան պէս, Ինչպէս կը ցնծան անոնք, որ աւար կը բաժնեն։
4 Վասն զի Մադիամի օրուանը պէս՝ Անոր ծանր լուծը ու կռնակին գաւազանը Եւ անոր վրայ բռնութիւն ընողին ցուպը կոտրեցիր։
5 Քանզի շառաչիւնով պատերազմողներուն բոլոր զէնքերը Եւ արիւնաթաթախ հանդերձները Պիտի այրին եւ հրոյ ճարակ ըլլան։
6 Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, Մեզի որդի մը տրուեցաւ Եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Իշխան։
7 Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ, Որպէս զի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան Իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա։ Զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ ասիկա։
8 Տէրը Յակոբին պատգամ ղրկեց Ու անիկա Իսրայէլին վրայ իջաւ։
9 Բոլոր ժողովուրդը պիտի իմանայ, Այսինքն Եփրեմ ու Սամարիայի բնակիչները, Որոնք ամբարտաւանութեամբ եւ սրտի հպարտութեամբ կ’ըսեն.
10 «Թէեւ աղիւսները ինկան, Բայց մենք տաշուած քարերով պիտի շինենք։ Մոլաթզենիները կտրուեցան, Բայց մենք անոնց տեղ եղեւնափայտեր պիտի դնենք»։
11 Սակայն Տէրը անոր վրայ Ռասինին հակառակորդները պիտի յարուցանէ Ու անոր թշնամիները պիտի գրգռէ։
12 Ասորիները՝ արեւելքէն, Փղշտացիները՝ արեւմուտքէն Անոնք լեցուն բերանով Իսրայէլը պիտի ուտեն։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
13 Քանզի ժողովուրդը զինք զարնողին չի դառնար Ու զօրքերու Տէրը չի փնտռեր։
14 Տէրը Իսրայէլին գլուխն ու պոչը, Արմաւենիի ոստն ու կնիւնը Մէկ օրուայ մէջ պիտի կտրէ։
15 (Ծերն ու պատուաւոր մարդը գլուխն է Եւ ստութիւն սորվեցնող մարգարէն պոչն է)
16 Եւ այս ժողովուրդին առաջնորդները պիտի մոլորեցնեն զանոնք Եւ անոնցմէ առաջնորդուածները պիտի կլլուին։
17 Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի Եւ անոր որբերուն ու որբեւարիներուն պիտի չողորմի. Վասն զի ամէնքն ալ կեղծաւոր ու չարագործ եղան Եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։
18 Քանզի անօրէնութիւնը կրակի պէս կ’այրէ, Ցախերն ու փուշերը կը սպառէ, Անտառին թանձրախիտ ծառերը կ’այրէ Ու անոնք կը ցնդին վեր ելլող ծուխի պէս։
19 Զօրքերու Տէրոջը բարկութենէն երկիրը պիտի այրի Ու ժողովուրդը հրոյ ճարակ եղածի պէս պիտի ըլլայ։ Մարդ իր եղբօրը պիտի չխնայէ։
20 Աջ կողմը եղածը պիտի յափշտակէ ու անօթի պիտի մնայ։ Ձախ կողմինն ալ պիտի ուտէ ու պիտի չկշտանայ։ Ամէն մարդ իր բազուկներուն միսը պիտի ուտէ։
21 Մանասէն Եփրեմը պիտի ուտէ ու Եփրեմը՝ Մանասէն։ Անոնք մէկտեղ Յուդային վրայ պիտի յարձակին։ Սակայն անոր բարկութիւնը չիջաւ, Հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։