ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 31

Վա՜յ անոնց, որ օգնութեան համար Եգիպտոս կ’իջնեն Ու ձիերու կը վստահին եւ կառքերու կ’ապաւինին, որովհետեւ շատ են Ու ձիաւորներու՝ որովհետեւ խիստ զօրաւոր են, Սակայն Իսրայէլի Սուրբին չեն նայիր Ու Տէրը չեն փնտռեր։ 2Բայց ան իմաստուն է ու աղէտ կը բերէ։ Եւ իր խօսքերը ետ չի դարձներ։ Բայց չարերուն տանը դէմ Եւ անօրէնութիւն գործողներուն օգնութեանը դէմ պիտի ելլէ։ 3Արդ՝ Եգիպտացիները մարդ են, ոչ թէ Աստուած Ու անոնց ձիերը մարմին են, ոչ թէ հոգի Ու երբ Տէրը իր ձեռքը երկնցնէ Թէ՛ օգնութիւն ընողը պիտի սահի Եւ թէ՛ օգնութիւն գտնողը պիտի իյնայ Ու ամէնքը մէկտեղ պիտի կորսուին։ 4Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. Ինչպէս առիւծը կամ կորիւնը իր որսին համար կը մռնչէ Ու երբ հովիւներուն գունդը անոր դէմ հաւաքուի, Անոնց ձայնէն չի վախնար Ու անոնց աղաղակէն չի վհատիր, Այնպէս ալ զօրքերու Տէրը Սիօն լերանը համար Ու անոր բլուրին համար պատերազմելու պիտի իջնէ։ 5Ինչպէս թռչունները իրենց ձագերը կը ծածկեն, Այնպէս զօրքերու Տէրը Երուսաղէմին պաշտպանութիւն պիտի ընէ։ Պիտի պաշտպանէ ու փրկէ զանիկա, Պիտի անցնի ու պիտի ազատէ։ 6Դուք այն Աստուծոյն դարձէք, Որուն դէմ Իսրայէլին որդիները չարաչար ապստամբեցան, 7Քանզի այն օրը ամէն մարդ մէկդի պիտի նետէ Իր արծաթէ կուռքերն ու ոսկիէ կուռքերը, Որոնք իրենց մեղաւոր ձեռքերով շինեցին ձեզի։ 8«Ասորեստանցին սուրով պիտի իյնայ, բայց ո՛չ թէ մարդու սուրով. Հապա այնպիսի սուր մը պիտի ուտէ զանիկա, որ մարդու սուր չէ Ու անիկա սուրէն պիտի փախչի։ Անոր երիտասարդները հարկատու պիտի ըլլան։ 9 Իր վախին պատճառով իր բերդը պիտի անհետանայ Եւ անոր իշխանները յանկարծ դրօշակը պիտի լքեն», Կ’ըսէ Տէրը, որուն կրակը Սիօնի մէջ է Ու փուռը՝ Երուսաղէմի մէջ։