ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 37
Երբ Եզեկիա թագաւորը լսեց, իր հանդերձները պատռեց ու քուրձ հագաւ եւ Տէրոջը տունը մտաւ.
2 Պալատին հազարապետը՝ Եղիակիմ եւ Սեբնա ատենադպիրն ու քահանաներուն ծերերը քուրձեր հագած՝ Ամովսին որդիին Եսայի մարգարէին ղրկեց։
3 Անոնք անոր ըսին. «Եզեկիան այսպէս կ’ըսէ. ‘Այսօր նեղութեան, կշտամբանքի ու նախատինքի օր է. քանզի տղաքը մինչեւ ծնանելու վայրկեանը հասան, բայց ծնանելու ոյժ չկայ։
4 Կարելի է քու Տէր Աստուածդ Ռափսակին խօսքերը լսէ, որ իր տէրը, Ասորեստանի թագաւորը, ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար ու քու Տէր Աստուածդ իր լսած խօսքերուն համար պիտի յանդիմանէ։ Ուրեմն մնացորդին համար աղօթք ըրէ՛’»։
5 Եզեկիա թագաւորին ծառաները Եսայիին գացին։
6 Ու Եսայի անոնց ըսաւ. «Ձեր տիրոջը այսպէս ըսէք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ վախնար այն լսած խօսքերէդ, որոնցմով Ասորեստանի թագաւորին ծառաները ինծի հայհոյեցին։
7 Ահա ես անոր վրայ ոգի մը կը ղրկեմ ու լուր մը լսելով՝ իր երկիրը պիտի դառնայ ու զանիկա իր երկրին մէջ սուրով պիտի կործանեմ’»։
8 Ռափսակ դարձաւ ու Ասորեստանի թագաւորը գտաւ, որ Լեբնային հետ կը պատերազմէր, վասն զի լսած էր որ Լաքիսէն չուեր է։
9 Սենեքերիմ Եթովպիացիներուն Թարակա թագաւորին համար լսեց թէ կ’ըսէին. «Ահա անիկա քեզի հետ պատերազմելու ելեր է»։ Երբ ասիկա լսեց, Եզեկիային դեսպաններ ղրկեց՝ ըսելով.
10 «Յուդային Եզեկիա թագաւորին այսպէս խօսեցէք ու ըսէք. ‘Այն քու Աստուածդ, որուն դուն ապաւիներ ես, թող քեզ չխաբէ, որպէս զի Երուսաղէմը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքը չտրուի։
11 Ահա դուն լսեցիր ինչ որ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր երկիրներուն ըրին ու ի՛նչպէս զանոնք բոլորովին կործանեցին ու հիմա դո՞ւն պիտի ազատիս։
12 Միթէ իմ հայրերուս կործանած ազգերուն, այսինքն Գովղանին, Խառանին, Ռեսեփին ու Թելասարի մէջ եղող Եդեմին որդիներուն աստուածները զանոնք ազատեցի՞ն։
13 Ո՞ւր է Եմաթին թագաւորն ու Սեփարուիմ քաղաքին, Անայի եւ Աւայի թագաւորը’»։
14 Եզեկիա նամակը դեսպաններուն ձեռքէն առաւ ու զանիկա կարդաց եւ Տէրոջը տունը ելաւ ու Եզեկիա Տէրոջը առջեւ բացաւ զանիկա։
15 Եզեկիա Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ ու ըսաւ.
16 «Ո՛վ Տէր զօրութեան, Աստուած Իսրայէլի, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, երկրին բոլոր թագաւորներուն վրայ միայն դո՛ւն ես Աստուած. երկինքն ու երկիրը դուն ստեղծեցիր։
17 Ո՛վ Տէր, ականջդ խոնարհեցո՛ւր ու լսէ՛։ Ո՛վ Տէր, աչքերդ բա՛ց ու նայէ՛ եւ լսէ՛ Սենեքերիմին բոլոր խօսքերը, որոնք ղրկեց կենդանի Աստուածը նախատելու համար։
18 Ո՛վ Տէր, իրաւցընէ Ասորեստանի թագաւորները բոլոր ազգերը ու անոնց երկիրները աւերեցին,
19 Անոնց աստուածները կրակի տուին. վասն զի անոնք աստուած չէին, հապա մարդու ձեռագործ, փայտ ու քար էին. անոր համար զանոնք կորսնցուցին։
20 Եւ հիմա դուն, ո՛վ Տէր Աստուած մեր, ազատէ՛ մեզ անոր ձեռքէն, որպէս զի երկրին բոլոր թագաւորութիւնները գիտնան թէ միայն դուն ես Տէրը»։
21 Ամովսին որդին Եսայի Եզեկիային մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորին համար աղօթք ըրիր ինծի,
22 Անոր վրայով Տէրոջը ըսած խօսքը այս է. ‘Սիօնին կոյս աղջիկը քեզ անարգեց, քեզ ծաղր ըրաւ, Երուսաղէմին աղջիկը քու ետեւէդ գլուխ շարժեց։
23 Դուն ո՞վ նախատեցիր ու որո՞ւ հայհոյեցիր Ու որո՞ւ վրայ ձայնդ վերցուցիր Եւ աչքերդ Իսրայէլի Սուրբին դէմ վեր վերցուցիր։
24 Քու ծառաներուդ ձեռքով Տէրը նախատելով՝ ըսիր, Իմ կառքերուս շատութիւնովը լեռներուն բարձրերը, Լիբանանի քովերը ելայ Ու անոր բարձր եղեւինները Եւ ընտիր մայրիները պիտի կտրեմ՝ ՝ Ու անոր խիստ բարձր ծայրը, Անոր Կարմեղոսի անտառը պիտի մտնեմ՝ ՝։
25 Ես փորեցի ու ջուր խմեցի։ Պաշարուած տեղերուն բոլոր գետերը Ոտքերուս թաթովը ցամքեցուցի։
26 Միթէ լսած չե՞ս որ ասիկա ես շինեցի Ու առաջուընէ ձեւակերպեցի. Հիմա հասցուցի, Որպէս զի դուն պարսպապատ քաղաքները աւերակի հողակոյտերու դարձնես։
27 Ուստի անոնց բնակիչներուն ձեռքը կարճ ըլլալուն համար Զարհուրեցան ու շփոթեցան։ Անոնք դաշտի խոտի եւ կանանչ բանջարի պէս Ու տանիքի խոտի պէս Եւ դեռ չհասած ու խորշակէն զարնուած հունձքի պէս եղան։
28 Բայց ես քու բնակութիւնդ, ելլելդ ու մտնելդ Եւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ գիտեմ։
29 Որովհետեւ ինծի դէմ ունեցած սրտմտութիւնդ Ու քու ամբարտաւանութիւնդ իմ ականջներուս հասան, Ես ալ իմ կարթս քու քիթդ ե իմ սանձս քու բերանդ պիտի դնեմ Ու քու եկած ճամբայէդ քեզ ետ պիտի դարձնեմ։
30 «Եւ ասիկա քեզի նշան ըլլայ, Այս տարի ինքնիրմէ բուսածը Ու երկրորդ տարին ինկած հատերէն բուսածը պիտի ուտէք Ու երրորդ տարին ցանեցէ՛ք ու հնձեցէ՛ք Եւ այգիներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք։
31 Եւ Յուդային տանը ազատուած մնացորդը Վարէն արմատ պիտի արձակէ Ու վերէն պտուղ պիտի տայ։
32 Քանզի Երուսաղէմէն՝ մնացորդ մը Ու Սիօն լեռնէն՝ ազատուածներու խումբ մը պիտի գայ. Ասիկա զօրքերու Տէրոջը նախանձը պիտի ընէ»։
33 Ասոր համար Ասորեստանի թագաւորին վրայով Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անիկա այս քաղաքը պիտի չմտնէ, Անոր նետ պիտի չնետէ, Անոր դէմ պատնէշ պիտի չկանգնեցնէ, այլ
34 Իր եկած ճամբայէն ետ պիտի դառնայ Ու այս քաղաքը պիտի չմտնէ։
35 Եւ այս քաղաքը պիտի պաշտպանեմ ու զանիկա ազատեմ, Ինծի համար ու իմ ծառայիս Դաւիթին համար»։
36 Ու Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունըհինգ հազար մարդ զարկաւ։ Երբ առաւօտուն կանուխ ելան, ահա անոնց ամէնքը մեռած մարմիններ էին։
37 Ուստի Ասորեստանի Սենեքերիմ թագաւորը չուեց գնաց ու դարձաւ Նինուէի մէջ նստաւ։
38 Երբ անիկա իր Աստուծոյն Նեսրաքին տանը մէջ երկրպագութիւն կ’ընէր, անոր որդիները Ադրամելէք ու Սարասար զանիկա սուրով զարկին ու Արարատի երկիրը փախան եւ անոր տեղ անոր որդին Ասորդան թագաւոր եղաւ։