ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 1

Ամովսի որդիին Եսայիի տեսիլքը, որ Յուդայի ու Երուսաղէմի վրայ տեսաւ՝ Յուդայի թագաւորներուն Ոզիային, Յովաթամին, Աքազին ու Եզեկիային օրերը։
2 Լսէ՛, ո՛վ երկինք եւ ականջ դի՛ր, ո՛վ երկիր, Վասն զի Տէրը կը խօսի։ «Զաւակներ մեծցուցի ու բարձրացուցի, Բայց անոնք ինծի դէմ ապստամբեցան։
3 Եզը իր տէրը կը ճանչնայ Ու էշը իր տիրոջ մսուրը, Բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, Իմ ժողովուրդս չ’իմանար»։
4 Վա՜յ մեղաւոր ազգին՝ Անօրէնութիւնով ծանրացած ժողովուրդ, Չարագործներո՛ւ սերունդ, ապականի՛չ զաւակներ։ Անոնք Տէրը թողուցին, Իսրայէլին Սուրբը անարգեցին Ու ետ քաշուեցան։
5 Ի՞նչ պատիժ սահմանենք, Երբ ա՛լ աւելի ապստամբիք։ Բոլոր գլուխը հիւանդ Եւ բոլոր սիրտը տրտմած է։
6 Ոտքին թաթէն մինչեւ գլուխը Անոր վրայ բնաւ ողջ տեղ չմնաց. Հարուածներ, վէրքեր ու շարաւալից խոցեր կան։ Անոնք չգոցուեցան, չկապուեցան Ու իւղով ալ չկակուղցան։
7 Ձեր երկիրը աւերակ դարձեր է Եւ ձեր քաղաքները կրակով այրուած են։ Ձեր արտերը աչքներուդ առջեւ օտարները կ’ուտեն Ու անոնք օտարներուն ըրած աւերակներուն պէս խոպանացած են։
8 Սիօնի աղջիկը այգիի մէջ եղած խրճիթի պէս, Վարունգի արտի մէջ եղած հիւղի պէս, Պաշարուած քաղաքի պէս լքուած մնացեր է։
9 Եթէ զօրքերու Տէրը մեզի քիչ մը մնացորդ թողուած չըլլար, Մենք Սոդոմի պէս պիտի ըլլայինք Ու Գոմորի պիտի նմանէինք։
10 Լսեցէ՛ք Տէրոջը խօսքը, ո՛վ Սոդոմի իշխաններ, Ակա՛նջ դրէք մեր Աստուծոյն օրէնքին, ո՛վ Գոմորի ժողովուրդ.
11 «Ի՞նչ պէտք է ինծի ձեր զոհերուն շատութիւնը, կ’ըսէ Տէրը. Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն Ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն Եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր։
12 Երբ կու գաք իմ առջեւս երեւնալու, Ո՞վ պահանջեց ձեզմէ, որ այսպէս իմ սրահներս կոխկռտէք։
13 Ա՛լ ինծի ունայն ընծաներ մի՛ բերէք։ Ձեր խունկը ինծի պիղծ է։ Ամսագլուխներուն ու շաբաթներուն Եւ ժողովներու գումարուելուն չեմ կրնար հանդուրժել։ Ձեր տօնախմբութիւնը անգամ անօրէնութիւն է։
14 Ձեր ամսագլուխներէն ու տօներէն կը զզուի իմ հոգիս, Անոնք իմ վրաս ծանր բեռ եղան, Վերցնելէ յոգնեցայ։
15 Ուստի երբ ձեռքերնիդ տարածէք, Աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, Նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ, Վասն զի ձեռքերնիդ արիւնով լեցուն են։
16 Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, Իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, Չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք.
17 Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, Իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, Որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք»։
18 «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ’ըսէ Տէրը. Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, Ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան Եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, Ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան։
19 Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք, Երկրին բարիքը պիտի ուտէք,
20 Բայց եթէ զիս մերժելով պիտի ապստամբիք, Սուրը պիտի ուտէ ձեզ»։ Վասն զի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ ասիկա։
21 Ինչպէս պոռնկացաւ այդ հաւատարիմ քաղաքը։ Անիկա իրաւունքով լեցուն էր Ու անոր մէջ արդարութիւնը կը բնակէր, Բայց հիմա մարդասպաններու բնակարան եղած է։
22 Քու արծաթդ կղկղանք դարձաւ, Գինիիդ մէջ ջուր խառնուած է։
23 Քու իշխաններդ ապստամբ ու գողերու ընկեր եղան. Ամէնքն ալ կաշառք սիրելով՝ պարգեւներ կը փնտռեն. Անոնք որբին դատաստանը չեն տեսներ Եւ որբեւարիին դատը անոնց առջեւ չի գար։
24 Անոր համար զօրքերու Եհովա Տէրը, Իսրայէլի Հզօրը, այսպէս կ’ըսէ. «Աւա՜ղ, իմ հակառակորդներուս հատուցում պիտի ընեմ Ու թշնամիներէս վրէժ պիտի առնեմ։
25 Իմ ձեռքս քու վրադ պիտի դարձնեմ Եւ քու կղկղանքդ բորակով պիտի մաքրեմ Ու բոլոր անագդ մէկդի պիտի զատեմ։
26 Քու դատաւորներդ առաջուան պէս Ու խորհրդականներդ սկիզբէն եղածին պէս նորէն պիտի հաստատեմ։ Անկէ ետքը դուն պիտի կոչուիս Արդարութեան քաղաք եւ Հաւատարիմ աւան»։
27 Սիօնը դատաստանով պիտի փրկուի Եւ հոն դարձողները արդարութեամբ։
28 Բայց անօրէններն ու մեղաւորները մէկտեղ պիտի ջարդուին։ Անոնք որ Տէրը կը թողուն, բնաջինջ պիտի ըլլան։
29 Քանզի ձեր ցանկացած բեւեկնիներէն պիտի ամչնաք Եւ ձեր ընտրած պարտէզներէն ամօթով պիտի մնաք։
30 Տերեւները թառամած բեւեկնիի պէս Եւ ջուր չունեցող պարտէզի պէս պիտի ըլլաք։
31 Զօրութիւն ունեցողը՝ խծուծի պէս Եւ անոր գործը կայծի նման պիտի ըլլայ։ Երկուքն ալ մէկէն պիտի այրին Եւ մարող պիտի չգտնուի։