ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 39
Այն ատեն Բաբելոնի թագաւորը, Բաղադանին որդին Մարովդաք-Բաղադան, նամակներ ու ընծաներ ղրկեց Եզեկիային, քանզի անոր հիւանդանալը եւ առողջանալը լսեր էր։ 2Եզեկիա ատոնց համար ուրախացաւ եւ իր թանկագին բաներուն տունը, արծաթն ու ոսկին ու խունկերը եւ պատուական իւղը ու իր զէնքերուն բոլոր տունը եւ իր գանձերուն մէջ բոլոր գտնուածը ցուցուց։ Իր տանը մէջ եւ իր բոլոր տէրութեանը մէջ բան մը չմնաց, որ Եզեկիա անոնց չցուցնէ։ 3Եսայի մարգարէն Եզեկիա թագաւորին եկաւ ու անոր ըսաւ. «Այդ մարդիկը ի՞նչ ըսին եւ ուրկէ՞ եկան քեզի»։ Եզեկիա ըսաւ. «Ինծի հեռու տեղէ, Բաբելոնէն եկան»։ 4Անիկա ըսաւ. «Քու տանդ մէջ ի՞նչ տեսան»։ Եզեկիա ըսաւ. «Տանս մէջ ինչ որ կար՝ տեսան ու գանձերուս մէջ բան չմնաց որ անոնց չցուցնէի»։ Այն ատեն Եզեկիային ըսաւ. 5«Զօրքերու Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ. 6‘Ահա օրեր պիտի գան, որ քու տանդ մէջ ինչ որ կայ ու ինչ որ քու հայրերդ մինչեւ այսօր հաւաքեցին Բաբելոն պիտի տարուին, բան մը պիտի չմնայ’։ 7Քու սեփական որդիներդ ալ պիտի առնեն եւ անոնք Բաբելոնի թագաւորին պալատին մէջ ներքինիներ պիտի ըլլան»։ 8Եզեկիա Եսայիին ըսաւ. «Տէրոջը խօսքը, որ դուն ըսիր, բարի է»։ Նաեւ ըսաւ. «Որովհետեւ իմ օրերուս մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ»։