ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 12
Այն օրը պիտի ըսես. «Ո՛վ Տէր, քեզ պիտի օրհնեմ, Քանի որ թէեւ ինծի բարկացած էիր՝ Սակայն բարկութիւնդ ինծմէ դարձուցիր Եւ զիս մխիթարեցիր։
2 Ահա իմ փրկութիւնս Աստուած է։ Ես անոր պիտի վստահիմ ու պիտի չվախնամ, Քանզի իմ զօրութիւնս ու օրհնութիւնս Տէր Եհովան է Ու անիկա է իմ փրկութիւնս»։
3 Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք Փրկութեան աղբիւրներէն.
4 Ու այն օրը պիտի ըսէք. «Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, անոր անո՛ւնը կանչեցէք, Անոր գործերը ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք, Յիշեցէ՛ք թէ անոր անունը բարձր է։
5 Տէրոջը սաղմոս ըսէ՛ք, Վասն զի անիկա մեծամեծ բաներ ըրաւ։ Ասիկա բոլոր երկրի մէջ գիտցուած է։
6 Ո՛վ Սիօնի բնակիչներ, աղաղակեցէ՛ք ու ցնծացէ՛ք, Քանզի Իսրայէլի Սուրբը մեծ է ձեր մէջ»։