ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 28
Վա՜յ Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակին, Որուն փառաւոր զարդը թառամեալ ծաղիկ մըն է, Որ գինիով թմրածներուն պարարտ հովիտին գլուխը կը կենայ։
2 Ահա Տէրոջ կողմէ քաջ ու զօրաւոր թշնամի մը, Կարկուտի փոթորիկի պէս, աւերիչ մրրիկի պէս Ու սաստիկ ջուրերու յորդահոս հեղեղի պէս, Ձեռքովը գետինը պիտի զարնէ զանոնք։
3 Եփրեմի գինովներուն հպարտութեան պսակը Ոտքերով պիտի կոխկռտուի։
4 Եւ պարարտ հովիտին գլուխը եղող անոր փառքերուն զարդը, Որ թառամեալ ծաղիկ մըն է, Հունձքէն առաջ վաղահաս թուզի պէս պիտի ըլլայ, Որ տեսնողը ձեռքը առածին պէս կը կլլէ։
5 Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին Փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ
6 Եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի Ու պատերազմը դէպի թշնամիին դուռը դարձնողին զօրութիւն պիտի ըլլայ։
7 Բայց ասոնք ալ գինիով կը մոլորին Ու ցքիով կ’երերան։ Քահանան ու մարգարէն ցքիով կը մոլորին. Անոնք գինիէն կը շփոթին, ցքիէն կը դանդաչեն, Տեսիլքի մէջ կը մոլորին ու դատաստանի մէջ կը սխալին.
8 Վասն զի անոնց բոլոր սեղանները փսխունքի պղծութիւնով ծածկուած են, Այնպէս որ մաքուր տեղ մը չկայ։
9 Որո՞ւ գիտութիւն սորվեցնէ, Որո՞ւ կրթութիւն հասկցնէ. Կաթէ կտրուածներո՞ւն, Ստինքէ զատուածներո՞ւն։
10 Քանզի խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն։
11 Յիրաւի այս ժողովուրդին հետ Չհասկցուելու շրթունքով եւ օտար լեզուով պիտի խօսի։
12 Քանզի անոնց ըսաւ. «Յոգնածը հանգստացնելու միջոցը ասիկա է Ու մխիթարութիւնը ասիկա է»։ Բայց անոնք մտիկ ընել չուզեցին։
13 Ուստի Տէրոջը խօսքը պիտի ըլլայ անոնց՝ Խրատ խրատի վրայ, խրատ խրատի վրայ, Հրաման հրամանի վրայ, հրաման հրամանի վրայ, Քիչ մը հոս, քիչ մը հոն. Որպէս զի երթան, կռնակի վրայ իյնան ու կոտրտին Եւ որոգայթի մէջ իյնալով բռնուին։
14 Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, Ո՛վ ծաղր ընող մարդիկ, Որ Երուսաղէմի մէջ բնակող այս ժողովուրդին վրայ կը տիրէք,
15 Որովհետեւ ըսիք. «Մենք մահուան հետ ուխտ ըրինք Ու գերեզմանին հետ դաշնակից եղանք, Որ եթէ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, մեր վրայ չգայ. Վասն զի ստութիւնը մեզի պատսպարան ըրինք Եւ ունայնութեան մէջ պահուեցանք»։
16 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Սիօնի մէջ վէմ մը կը դնեմ իբրեւ հիմ. Ընտիր վէմ՝ պատուական անկիւն, հաստատուն հիմ. ‘Ով որ հաւատայ անոր, պիտի չարտորայ փախչելու’։
17 Իրաւունքը՝ կապարալար, Արդարութիւնը խորաչափ պիտի ընեմ։ Կարկուտը ստութեան պատսպարանը պիտի տանի Ու ջուրերը պահուելու տեղը պիտի կոխեն։
18 Մահուան հետ ըրած ուխտերնիդ պիտի աւրուի Ու գերեզմանին հետ ըրած դաշնակցութիւննիդ պիտի չհաստատուի։ Երբ յորդահոս հեղեղը ասկէ անցնի, Դուք անոր մէջ պիտի ընկղմիք,
19 Անցնելու ատեն ձեզ պիտի քշէ, Քանզի ամէն առտու, ցորեկ ու գիշեր պիտի անցնի Ու անոր ձայնը լսելն անգամ սոսկալի պիտի ըլլայ։
20 Քանզի անկողինը երկննալու համար կարճ է Ու ծածկոցը ծածկուելու համար նեղ է։
21 Քանզի Տէրը պիտի ելլէ, ինչպէս Փարասին լերանը վրայ ելաւ Ու պիտի բարկանայ, ինչպէս Գարաւոնին ձորին մէջ բարկացաւ, Որպէս զի իր օտարոտի գործը կատարէ, որքան խորթ թուի, Իր պաշտօնը կատարէ, որքան խորհրդաւոր թուի։
22 Հիմա ծաղր ընողներ մի՛ ըլլաք, Որպէս զի չըլլայ թէ ձեր կապանքները աւելի ուժովնան. Քանզի զօրքերու Տէր Եհովային կողմէ Բոլոր երկրին վրայ աւերումի վճիռ մը լսեցի։
23 Ակա՛նջ տուէք ու իմ ձայնս լսեցէ՛ք. Մտի՛կ ըրէք ու իմ խօսքս լսեցէք.
24 Միթէ հերկողը ցանելու համար շարունակ կը հերկէ՞. Միշտ իր երկիրը կը բանայ ու անոր կոշտերը կը տափանէ՞.
25 Անոր երեսը շտկելէն ետքը Միթէ արջնդեղն ու չամանը չի՞ ցաներ Եւ ցորենը՝ կարգով ու գարին՝ որոշուած տեղը Եւ հաճարը իր սահմանին մէջ չի՞ դներ։
26 Վասն զի իր Աստուածը կրթութիւն կու տայ անոր Ու կը սորվեցնէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ։
27 Քանզի արջնդեղը կամնասայլով չի ծեծուիր Ու չամանին վրայ սայլին անիւը չի դառնար. Հապա արջնդեղը՝ գաւազանով Ու չամանը ցուպով կը թօթուըուի։
28 Հացին ցորենը կը կոխկռտուի, Բայց զանիկա միշտ չի ծեծեր Ու սայլին անիւը զանիկա չի կոտրտեր Եւ ձիերը զանիկա չեն փշրեր։
29 Ասիկա ալ զօրքերու Տէրոջմէն կ’ելլէ, Որուն խորհուրդը սքանչելի է։ Ու անոր իմաստութիւնը գերազանց է։