ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 38

Այն օրերը Եզեկիա մահուան աստիճան հիւանդացաւ։ Ամովսի որդին Եսայի մարգարէն անոր եկաւ ու անոր ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Տանդ համար պատուէր տուր, քանզի դուն մեռնելու ես ու պիտի չապրիս’»։
2 Եզեկիա իր երեսը պատին դարձուց ու Տէրոջը աղօթք ըրաւ
3 Ու ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, կ’աղաչեմ, քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալելս եւ քու աչքիդ առջեւ բարութիւն ընելս յիշէ» ու Եզեկիա մեծ լացով մը լացաւ։
4 Տէրոջը խօսքը եղաւ Եսայիին՝ ըսելով. «Գնա՛, Եզեկիային ըսէ՛.
5 Քու հօրդ Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Քու աղօթքդ լսեցի, քու աչքիդ արցունքը տեսայ։ Ահա ես քու օրերուդ վրայ տասնըհինգ տարի պիտի աւելցնեմ
6 Եւ քեզ ու այս քաղաքը Ասորեստանի թագաւորին ձեռքէն պիտի ազատեմ։
7 Այս քաղաքին պաշտպանութիւն պիտի ընեմ’։ Ասիկա քեզի Տէրոջմէն նշան ըլլայ թէ Տէրը այս իր ըսած խօսքը պիտի կատարէ.
8 ‘Ահա ստուերը Աքազին արեւու ժամացոյցին վրայ իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ պիտի դարձնեմ’» ու արեւը իջած աստիճաններէն տասը աստիճան ետ դարձաւ։
9 Այս է Յուդայի Եզեկիա թագաւորին գրածը, որ իր հիւանդանալուն ու հիւանդութենէ ելլելուն ատենը գրեց.
10 «Ես ըսի՝ ‘Իմ օրերուս հանգիստ ժամանակին՝ ՝ մէջ Գերեզմանին դռները պիտի երթամ. Մնացած տարիներէս զրկուեցայ’։
11 Ըսի՝ Տէրը պիտի չտեսնեմ, Տէրը պիտի չտեսնեմ կենդանիներուն երկրին մէջ Եւ միւս աշխարհին բնակիչներուն հետ ըլլալով, Ա՛լ մարդու պիտի չնայիմ։
12 Իմ շրջանս կը չուէ Ու հովիւներուն տաղաւարին պէս ինծմէ կը փոխադրուի։ Իմ կեանքս կտրեցի ոստայնանկի պէս. Առէջէն զիս կը կտրէ, Ցորեկուրնէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
13 Մինչեւ առաւօտ սպասեցի. Առիւծի պէս բոլոր ոսկորներս կը կոտրէ. Ցորեկուընէ մինչեւ գիշեր զիս պիտի լմնցնես։
14 Կռունկի պէս կամ ծիծեռնակի պէս կը ճչէի, Աղաւնիի պէս կը մնչէի։ Վեր նայելէն աչքերս տկարացան։ Ո՛վ Տէր, տագնապի մէջ եմ, ինծի ձեռնտո՛ւ եղիր։
15 Ի՞նչ ըսեմ. ինք ինծի խօսեցաւ ու ինք կատարեց։ Իմ բոլոր տարիներուս մէջ Հոգիիս այս ցաւին համար կամաց կամաց պիտի քալեմ։
16 Ո՛վ Տէր, մարդիկ ասոնցմով կ’ապրին Ու իմ հոգիիս կեանքը ասոնց ամենուն մէջն է։ Զիս բժշկեցիր ու ապրեցուցիր։
17 Խաղաղութեան տեղ մեծ դառնութիւն եկաւ ինծի. Բայց դուն իմ հոգիս սիրեցիր ու ապականութեան գուբէն փրկեցիր, Վասն զի բոլոր մեղքերս կռնակիդ ետեւը նետեցիր։
18 Քանզի գերեզմանը քեզ չի կրնար օրհնել, Մահը քեզի փառք չի կրնար տալ. Գուբը իջնողները քու ճշմարտութեանդ չեն կրնար յուսալ։
19 Ապրողը, ապրո՛ղը քեզ պիտի օրհնէ, Ինչպէս ես այսօր կ’ընեմ։ Հայրը իր որդիներուն պիտի գիտցնէ քու ճշմարտութիւնդ։
20 Տէրը իմ փրկութիւնս եղաւ, Անոր համար մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ, Իմ օրհնութիւններս Տէրոջը տանը մէջ Լար ունեցող նուագարաններով պիտի երգենք։
21 Վասն զի Եսայի ըսեր էր. «Չոր թուզեր թող առնեն, մանրեն ու վէրքին վրայ դնեն եւ պիտի առողջանայ»։
22 Ու Եզեկիա ըսեր էր. «Տէրոջը տունը ելլելուս նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։