ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 58

«Բարձրաձայն կանչէ եւ մի՛ խնայեր, Ձայնդ փողի պէս բարձրացուր Եւ իմ ժողովուրդիս՝ իրենց յանցանքը Ու Յակոբին տանը՝ իրենց մեղքերը յայտնէ։
2 Անոնք ամէն օր զիս կը փնտռեն Եւ իմ ճամբաներս գիտնալ կը փափաքին, Այնպիսի ազգի մը պէս, որ արդարութիւն կ’ընէ Ու իր Աստուծոյն օրէնքները զանց չ’ըներ։ Ինծի արդարութեան կանոնները կը հարցնեն, Աստուծոյ մօտենալ կը փափաքին,
3 Ու կ’ըսեն՝ ‘Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար, Մեր անձերը չարչարեցինք ու դուն չգիտցար’։ Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք Եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք՝ ՝։
4 Ահա կռիւի ու վէճի Եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, Որ ձեր ձայնը բարձրերը լսել տաք։
5 Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս Ու մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ’ըլլայ. Իր գլուխը կնիւնի պէս ծռելով Եւ իր տակ քուրձ ու մոխիր տարածելո՞վ կ’ըլլայ։ Ասիկա ծոմապահութիւն ու Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։
6 Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ Անիրաւութեան կապերը քակելը, Լուծին կապերը թուլցնելը, Հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, Ամէն լուծ կտրելը,
7 Հացդ անօթիին բաժնելը, Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, Մերկ մը հագուեցնելը Ու մարմինդ անտեսելն է։
8 Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի Ու բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ Ու Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։
9 Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պատասխանէ, Պիտի աղաղակես ու անիկա պիտի ըսէ. ‘Ահա ես’։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, Մատով ցուցնելն ու չար խօսքերը վերցնես,
10 Եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես՝ ՝ Եւ կարօտին հոգին կշտացնես, Այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի Ու քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։
11 Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ, Քու հոգիդ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ, Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. Դուն ջրարբի պարտէզի պէս Աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։
12 Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։ Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։ Դուն փլածներ նորոգող Ու բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս։
13 Եթէ շաբաթը՝ իմ սուրբ օրս՝ Քու ցանկութիւնդ կատարելէ ոտքդ դարձնես Ու շաբաթը՝ քու զուարճութիւնդ Եւ Տէրոջը նուիրուած օրը պատուական անուանես, Զանիկա պատուես՝ քու ճամբաներուդ չհետեւելով, Քու ցանկութիւնդ չկատարելով ու պարապ խօսք չխօսելով,
14 Այն ատեն Տէրոջմով պիտի ուրախանաս։ Քեզ երկրին բարձր տեղերը պիտի հանեմ, Քու հօրդ Յակոբին ժառանգութիւնը քեզի պիտի կերցնեմ. Քանզի Տէրոջը բերանը խօսեցաւ»։