ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 21

Ծովուն անապատին պատգամը։ Հարաւէն յարձակող մրրիկներուն պէս Անիկա անապատէն, սոսկալի երկրէն կու գայ։
2 Ինծի վշտալի տեսիլք մը յայտնուեցաւ։ Յափշտակողը կը յափշտակէ ու կործանողը կը կործանէ։ Ո՛վ Եդեմացիներ, վե՛ր ելէք. ո՛վ Մարեր, պաշարեցէ՛ք։ Անոր պատճառած բոլոր հառաչանքը դադրեցուցի։
3 Ասոր համար երիկամունքս ցաւով լեցուեցաւ Ու ծննդական կնոջ ցաւերուն պէս ցաւեր բռնեցին զիս։ Այնպէս կծկուած եմ, որ չեմ կրնար լսել, Այնպէս խռոված եմ, որ չեմ կրնար տեսնել՝ ՝։
4 Սիրտս շփոթեցաւ, արհաւիրքը զիս դողացուց. Իմ ուրախութեանս գիշերը ինծի սրտադողի գիշեր ըրաւ։
5 Սեղան կը պատրաստեն, դէտեր կը դնեն, կ’ուտեն կը խմեն. Ելէ՛ք, ո՛վ իշխաններ, վահանները օծեցէ՛ք։
6 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, դէտ մը դի՛ր, որ տեսածը պատմէ»։
7 Անիկա հեծեալներ տեսաւ, երկու ձիաւոր Ու էշերու վրայ հեծեալներ եւ ուղտերու վրայ հեծեալներ։ Ուշադրութեամբ, մեծ ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ
8 Ու աղաղակեց առիւծի պէս. «Ո՛վ Տէր, ես ցորեկը միշտ իմ դիտանոցիս մէջ կը կայնիմ Ու բոլոր գիշերը իմ պահպանութեանս տեղը կը կենամ։
9 Ահա հեծեալ մարդիկ, Երկու ձիաւոր՝ կու գան»։ Նաեւ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ինկաւ Բաբելոն, ինկաւ Ու անոր աստուածներուն բոլոր արձանները Կոտրտեցան ու գետինը նետուեցան»։
10 Ով իմ ժողովուրդս՝ ցորենի նման կամնուած ու հոսուած, Ես ձեզի պատմեցի, ինչ որ լսած էի Զօրքերու Տէրոջմէն, Իսրայէլի Աստուծմէն։
11 Սէիրէն ձայն մը կու գայ ինծի. «Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր, Ո՛վ պահապան, գիշերուան համար ի՞նչ լուր կայ»։
12 Պահապանը կ’ըսէ. «Առաւօտը կու գայ ու նաեւ գիշերը. Եթէ կ’ուզէք հարցնել, հարցուցէ՛ք. Դարձէ՛ք ու եկէ՛ք»։
13 Արաբիայի անտառին մէջ գիշերը պիտի անցընէք, Ո՛վ Դեդանացիներու կարաւաններ։
14 Ո՛վ Թեմայի երկրի բնակիչներ, Ծարաւին առջեւ ջրով ելէ՛ք, Փախստականին առջեւ հացով եկէ՛ք։
15 Վասն զի անոնք կը փախչին սուրերու առջեւէն, Քաշուած սուրին առջեւէն Ու լարուած աղեղին առջեւէն Եւ սաստիկ պատերազմին առջեւէն։
16 Քանզի Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Մէկ տարուան մէջ՝ վարձկանի տարիներու պէս՝ Կեդարին բոլոր փառքը պիտի վերջանայ
17 Ու աղեղնաւորներուն՝ մնացած թիւը, Կեդարին որդիներուն զօրաւոր մարդիկը պիտի քիչնան, Քանզի Իսրայէլին Տէր Աստուածը խօսեցաւ»։