ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 23
Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Քանզի անիկա բնաջինջ եղաւ, հոն տուն կամ դուռ չմնաց։ Ասիկա Կիտացիներու երկրէն յայտնուեցաւ անոնց։
2 Ո՜վ կղզիի բնակիչներ, լռեցէ՛ք. Ծովէ անցնող Սիդոնացիներու վաճառականները լեցուցեր էին քեզ։
3 Եւ շատ ջուրերու մէջ գոյացող Սիովրի հունտերը, Գետին հունձքը անոր եկամուտն էր։ Անիկա ազգերուն վաճառանոցն էր։
4 Ո՛վ Սիդոն, ամչցի՛ր, քանզի ծովը կը խօսի. Ծովուն զօրութիւնը կը խօսի ու կ’ըսէ. «Ես ծննդականի ցաւ չեմ քաշեր ու չեմ ծնանիր. Երիտասարդներ չեմ սնուցաներ եւ կոյս աղջիկներ չեմ մեծցներ»։
5 Երբ այս բանը Եգիպտացիներուն ականջը հասնի, Տիւրոսին լուրին համար պիտի տագնապին։
6 Թարսիս անցէ՛ք, Ո՛վ ծովեզերքի բնակիչներ, ողբացէ՛ք։
7 Ձեր ուրախութեան քաղաքը ասիկա՞ է, Որուն ծագումը հին օրերէն է, Անոր ոտքերը հեռու տեղ պանդուխտ ըլլալու պիտի տանին զանիկա։
8 Ո՞վ այս խորհուրդը ըրաւ Տիւրոսի դէմ, Որ իր բնակիչները կը պսակէր։ Անոր վաճառականները իշխաններ էին Ու առուտուր ընողները՝ երկրին պատուաւոր մարդիկը։
9 Զօրքերու Տէրը այս խորհուրդը ըրաւ, Որպէս զի ամէն փառքի ամբարտաւանութիւն խայտառակէ Ու երկրին բոլոր պատուաւորները անարգէ։
10 Ո՛վ Թարսիսի աղջիկ, Քու տեղէդ գետի պէս անցիր, Ասկէ ետքը գօտի չկայ։
11 Իր ձեռքը ծովուն վրայ երկնցուց, Թագաւորութիւնները սարսեց։ Տէրը Քանանացիներուն հրամայեց, Որ անոր բերդերը աւերեն.
12 Ու ըսաւ. «Դուն անգամ մըն ալ պիտի չուրախանաս, Ո՛վ Սիդոնի անարգուած կոյս աղջիկ, Ելի՛ր, Կիտի՛մ անցիր, Բայց հոն ալ հանգստութիւն պիտի չունենաս»։
13 Ահա Քաղդէացիներու երկիրը, Որ ատենօք ժողովուրդ չէր, Ասորեստանցիները հիմնեցին զանիկա անապատի բնակիչներուն համար. Իրենց աշտարակներ կանգնեցին, անոր պալատները քանդեցին Եւ զանիկա հիմա աւերակ ըրին։
14 Ողբացէ՛ք, ո՛վ Թարսիսի նաւեր, Վասն զի ձեր զօրութիւնը կորսուեցաւ։
15 Եւ այն օրը Տիւրոս մոռցուած պիտի մնայ եօթանասուն տարի, Մէկ թագաւորի օրերուն չափ։ Իսկ եօթանասուն տարի ետքը Երգ մը պիտի երգեն Տիւրոսին, պոռնիկի երգին պէս.
16 «Ո՛վ մոռցուած պոռնիկ, քնարը ա՛ռ Ու քաղաքին մէջ պտըտէ՛. Աղէ՛կ զարկ, շա՛տ խաղ կանչէ, Որպէս զի քեզ յիշեն»։
17 Եօթանասուն տարի ետքը Տէրը այցելութիւն պիտի ընէ Տիւրոսին։ Անիկա իր շահին պիտի դառնայ Ու աշխարհի երեսը եղող բոլոր երկրի թագաւորութիւններուն հետ Պոռնկութիւն պիտի ընէ։
18 Անոր վաճառականութեան շահը՝ ՝ Տէրոջը պիտի նուիրուի. Անիկա գանձատունը պիտի չդրուի, Կամ շտեմարանի մէջ պիտի չպահուի. Հապա անոր վաճառականութեան շահը Տէրոջը առջեւ բնակողներուն պիտի ըլլայ, Որպէս զի ուտեն մինչեւ կշտանան Ու պատուական զգեստներ հագնին։