ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 47
Ո՛վ Բաբելոնի կոյս աղջիկ, Իջի՛ր ու հողի վրայ նստէ. Ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Գետնի վրայ առանց աթոռի նստէ, Քանզի անգամ մըն ալ քնքուշ ու փափուկ պիտի չկոչուիս։
2 Աղօրիքին քարերը ա՛ռ, ալի՛ւր աղա. Լաչակդ հանէ՛, քղանցքդ վերցո՛ւր. Սրունքդ բա՛ց, գետերէն անցի՛ր։
3 Թող քու մերկութիւնդ բացուի Եւ նախատինքդ ալ երեւնայ։ Քեզմէ վրէժ պիտի առնեմ Ու ոեւէ մէկուն միջնորդութիւնը պիտի չընդունիմ։
4 (Մեր Փրկչին անունը Եհովա Սաբաւովթ՝ ՝ է. Անիկա Իսրայէլին Սուրբն է)։
5 Լո՛ւռ նստէ՛, խաւարի մէ՛ջ մտի՛ր, ո՛վ Քաղդէացիներու աղջիկ, Քանզի անգամ մըն ալ թագաւորութիւններու տիկին պիտի չկոչուիս։
6 Ես իմ ժողովուրդիս բարկացայ, Իմ ժառանգութիւնս պղծեցի, Զանոնք քու ձեռքդ տուի. Դուն անոնց գթութիւն չցուցուցիր, Ծերին վրայ քու լուծդ խիստ ծանրացուցիր
7 Եւ ըսիր. «Ես յաւիտեան տիկին պիտի մնամ»։ Այնպէս որ ասիկա մտքիդ մէջ չդրիր, Ասոր վախճանը չյիշեցիր։
8 Հիմա մտի՛կ ըրէ, Ո՛վ անհոգութեամբ նստող հեշտասէր, Որ սրտիդ մէջ կ’ըսես. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ։ Որպէս որբեւարի պիտի չնստիմ Եւ զաւակ պիտի չկորսնցնեմ»։
9 Հիմա ասոնց երկուքն ալ՝ Անզաւակութիւն եւ որբեւարութիւն՝ Յանկարծ՝ մէկ օրուան մէջ քու վրադ պիտի գան։ Քու դիւթանքներուդ շատութեանը մէջ Եւ քու անթիւ կախարդութիւններուդ մէջ Անոնք ամբողջ քու վրադ պիտի գան։
10 Դուն քու չարութեանդ ապաւինեցար Ու ըսիր. «Զիս տեսնող չկայ»։ Քեզ գլխէ հանողը քու իմաստութիւնդ ու գիտութիւնդ են։ Սրտիդ մէջ ըսիր. «Ե՛ս եմ ու ինծմէ զատ մէկը չկայ»։
11 Անոր համար քու վրադ ձախորդութիւն մը պիտի գայ, Որուն ուրկէ ծագիլը պիտի չգիտնաս։ Քու վրադ թշուառութիւն մը պիտի իյնայ, Որը ետ դարձնելու կարող պիտի չըլլաս։ Քու վրադ յանկարծ աւերում մը պիտի գայ, Բայց դուն պիտի չգիտնաս։
12 Հիմա քու կախարդութիւններուդ եւ շատ դիւթանքներուդ մէջ կեցիր, Որոնցմով քու մանկութենէդ ի վեր աշխատեր ես, Թերեւս օգուտ մը գտնելու կարող ըլլաս, Թերեւս կարենաս յաղթել։
13 Խորհուրդներուդ շատութենէն ձանձրացար։ Հիմա երկինքը զննողները, աստղագէտները, Նոր ամիսներով գուշակութիւն ընողները թող ելլեն Եւ քու վրադ գալիք չարիքէն քեզ ազատեն։
14 Ահա անոնք մղեղի պէս պիտի ըլլան Ու զանոնք կրակը պիտի այրէ։ Իրենց հոգին բոցին զօրութենէն պիտի չկրնան ազատել։ Տաքնալու համար կայծ մը, Կամ դիմացը նստելու համար կրակ պիտի չմնայ։
15 Այսպէս պիտի ըլլան քեզի անոնք, որոնց հետ աշխատեցար Ու մանկութենէդ ի վեր առուտուր ըրիր։ Ամէն մէկը իր ճամբան երթալով՝ ցիրուցան պիտի ըլլան Ու քեզ ազատող մը պիտի չըլլայ։