ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 65

Զիս չհարցնողներէն փնտռուեցայ, Զիս չխնդրողներէն գտնուեցայ։ Իմ անունս չկանչող՝ ՝ ազգին «Ահա հոս եմ, ահա հոս եմ», ըսի։
2 Ամէն օր իմ ձեռքերս երկնցուցի ապստամբ ժողովուրդի մը, Որոնք այնպիսի ճամբու մէջ կը քալեն, որ աղէկ չէ Եւ իրենց խորհուրդներուն կը հետեւին։
3 Այնպիսի ժողովուրդի մը, որ միշտ երեսիս դէմ զիս կը բարկացնէ. Պարտէզներու մէջ կը զոհեն, Աղիւսներու վրայ խունկ կը ծխեն,
4 Գերեզմաններու մէջ կը նստին, Գիշերը առանձին տեղերը կ’անցընեն, Խոզի միս կ’ուտեն, Իրենց ամաններուն մէջ գարշելի բաներու արգանակ կայ։
5 Անոնք կ’ըսեն. «Մէկդի՛ կեցիր, ինծի մի՛ դպչիր, Քանզի ես քեզմէ սուրբ եմ»։ Ասոնք իմ ռնգունքներուս մէջ ծուխ են Ու ամէն օր բորբոքած կրակ են։
6 Ահա իմ առջեւս գրուած է. «Պիտի չլռեմ, հապա պիտի հատուցանեմ։ Այո՛, անոնց ծոցին մէջ պիտի հատուցանեմ
7 Ձեր անօրէնութիւնները՝ ձեր հայրերուն անօրէնութիւններուն հետ մէկտեղ, Որոնք լեռներու վրայ խունկ ծխեցին Ու բլուրներուն վրայ զիս անարգեցին, կ’ըսէ Տէրը, Ուստի անոնց առաջուան գործերը իրենց ծոցերուն մէջ պիտի լեցնեմ»։
8 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Զոր օրինակ երբ ողկոյզի մը վրայ քաղցու գտնուի, կ’ըսեն՝ ‘Ատիկա մի՛ կորսնցներ, Քանզի ատոր վրայ օրհնութիւն կայ’։ Ես ալ իմ ծառաներուս համար այնպէս պիտի ընեմ, Որպէս զի ամէնքը չկորսնցնեմ։
9 Յակոբէն՝ սերունդ, Յուդայէն իմ լեռներուս ժառանգորդ պիտի հանեմ։ Իմ ընտրեալներս այն երկիրը պիտի ժառանգեն։ Իմ ծառաներս հոն պիտի բնակին։
10 Զիս փնտռող ժողովուրդիս համար Սարօն՝ հօտերու փարախ Եւ Աքովրի ձորը արջառներու մակաղատեղի պիտի ըլլայ։
11 Քանի որ դուք Տէրը թողուցիք Ու իմ սուրբ լեռս մոռցաք, Գաղ կուռքին՝ ՝ սեղան պատրաստեցիք Ու Մենիին թափելու նուէր՝ ՝ լեցուցիք,
12 Ես ալ ձեզ սուրի պիտի մատնեմ Եւ ամէնքդ պիտի ծռիք մորթուելու համար. Քանզի կանչեցի ու պատասխան չտուիք, Խօսեցայ ու մտիկ չըրիք, Հապա իմ առջեւս չարութիւն ըրիք Եւ ինծի հաճելի չեղածը ընտրեցիք»։
13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Ահա իմ ծառաներս պիտի ուտեն, Բայց դուք անօթի պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի խմեն, Բայց դուք ծարաւ պիտի մնաք։ Ահա իմ ծառաներս պիտի ուրախանան, Բայց դուք պիտի ամչնաք։
14 Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան, Բայց դուք սրտի ցաւէ պիտի աղաղակէք Եւ հոգիի ճնշումէ պիտի ոռնաք։
15 Ձեր անունը իմ ընտրածներուս անէծքի համար պիտի թողուք։ Տէր Եհովան քեզ պիտի մեռցնէ Ու իր ծառաները ուրիշ անունով պիտի կանչէ,
16 Որպէս զի երկրի վրայ օրհնուողը Ճշմարիտ Աստուծմով օրհնուի Ու երկրի վրայ երդում ընողը Ճշմարիտ Աստուծմով երդում ընէ։ Քանզի առաջուան նեղութիւնները մոռցուեցան Ու անոնք իմ աչքերէս ծածկուեցան։
17 Քանզի ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ Եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան։
18 Բայց դուք իմ ստեղծագործութիւնովս Յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. Վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար Ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ։
19 Երուսաղէմի վրայ պիտի ցնծամ Ու իմ ժողովուրդիս վրայ պիտի ուրախանամ։ Հոն անգամ մըն ալ լացի ձայն ու ողբի ձայն պիտի չլսուի։
20 Հոն անգամ մըն ալ՝ քիչ օր ապրող տղայ, Կամ օրերը չլեցուած ծեր պիտի չըլլայ, Քանզի երիտասարդը հարիւր տարեկան պիտի մեռնի Եւ հարիւր տարեկան մեղաւորը անէծքի պիտի հանդիպի։
21 Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, Այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։
22 Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, Անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն. Վասն զի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան Եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։
23 Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին Ու դժբաղդութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին. Քանզի անոնք Տէրոջը օրհնածներուն սերունդն են Ու իրենց հետ իրենց զաւակներն ալ։
24 Անոնք դեռ չկանչած՝ պատասխան պիտի տամ, Մինչ կը խօսին՝ պիտի լսեմ։
25 Գայլն ու գառը մէկտեղ պիտի արածին։ Առիւծը արջառին պէս յարդ պիտի ուտէ։ Օձին կերակուրը հող պիտի ըլլայ։ Անոնք իմ սուրբ լերանս մէջ պիտի չվնասեն Ու պիտի չապականեն», կ’ըսէ Տէրը։