ԵՍԱՅԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52 53 54 55 56 57 58 59 60 61 62 63 64 65 66


Գլուխ 62

Սիօնի սիրոյն համար պիտի չլռեմ Ու Երուսաղէմի սիրոյն համար պիտի չհանդարտիմ. Մինչեւ որ անոր արդարութիւնը՝ լոյսի պէս Եւ անոր փրկութիւնը բոցավառ ջահի պէս ճառագայթէ։
2 Ազգերը՝ քու արդարութիւնդ Ու բոլոր թագաւորները քու փառքդ պիտի տեսնեն։ Դուն նոր անունով պիտի կոչուիս, Որ Տէրոջը բերանը պիտի անուանէ։
3 Տէրոջը ձեռքին մէջ՝ վայելչութեան պսակ Ու քու Աստուծոյդ ձեռքին մէջ արքայական թագ պիտի ըլլաս։
4 Դուն անգամ մըն ալ Լքուած պիտի չկոչուիս Ու քու երկիրդ անգամ մըն ալ Աւերակ պիտի չկոչուի, Հապա դուն Իմ հաւնածս՝ ՝ Ու քու երկիրդ Ամուսնացեալ պիտի կոչուի, Քանզի Տէրը քեզի պիտի հաւնի Ու քու երկիրդ պիտի ամուսնանայ։
5 Վասն զի ինչպէս երիտասարդ մը կոյսի հետ կ’ամուսնանայ, Այնպէս քու տղաքներդ քեզի հետ պիտի ամուսնանան։ Ինչպէս փեսան հարսին վրայ կ’ուրախանայ, Այնպէս քու Աստուածդ քու վրադ պիտի ուրախանայ։
6 Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք
7 Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ անիկա հաստատէ, Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։
8 Տէրը իր աջ ձեռքին վրայ ու իր զօրաւոր բազուկին վրայ այսպէս երդում ըրաւ. «Քու ցորենդ անգամ մըն ալ քու թշնամիներուդ կերակուր պիտի չտամ Եւ օտարներու որդիները պիտի չխմեն քու գինիդ, Որուն համար դուն աշխատեցար.
9 Հապա հնձողները պիտի ուտեն զանիկա Ու Տէրոջը փառք պիտի տան Եւ զանիկա հաւաքողները իմ սուրբ սրահներուս մէջ պիտի խմեն»։
10 Անցէ՛ք, անցէ՛ք դռներէն, Ժողովուրդին ճամբայ պատրաստեցէ՛ք. Շտկեցէ՛ք, շտկեցէ՛ք շաւիղները, Քարերը անկէ հաւաքեցէ՛ք. Ժողովուրդներուն վրայ դրօշակ բարձրացուցէք։
11 Ահա Տէրը մինչեւ երկրի ծայրը յայտարարեց, որ Սիօնի աղջկանը ըսեն. «Ահա քու Փրկիչդ կու գայ, Ահա անոր վարձքը իրեն հետ է Ու գործերու հատուցումը իր առջեւն է»։
12 Անոնք Սուրբ ժողովուրդ, Տէրոջը փրկածները, պիտի կոչուին Ու դուն Փնտռուած ու Չլքուած քաղաք պիտի կոչուիս։