ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 53
Ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին, Տէրոջը բազուկը որո՞ւն յայտնուեցաւ։
2 Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։ Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։
3 Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։ Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։
4 Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։
5 Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
6 Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։
7 Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։
8 Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ՝ ՝ վերցուեցաւ Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։
9 Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։
10 Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։
11 Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։
12 Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. Շատերու մեղքը վերցուց Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։