ԵՍԱՅԵԱՅ
Գլուխ 41
Ո՛վ կղզիներ, իմ առջեւս լո՛ւռ կեցէք։ Ժողովուրդները իրենց ոյժը թող նորոգեն, Թող մօտենան ու ապա խօսին։ Մէկտեղ դատաստանի մօտենանք։
2 Ո՞վ արդարը արեւելքէն ոտքի հանեց Եւ զայն իր ոտքը կանչեց։ Ազգերը անոր առջեւը բերաւ Եւ թագաւորները ոտքի տակ կոխկռտեց, Իր սուրով զանոնք փոշիի պէս ըրաւ Եւ հողմավար մղեղի պէս աղեղով քշեց։
3 Զանոնք հալածեց եւ խաղաղութեամբ անցաւ Այնպիսի ճամբայէ մը, ուր բնաւ ոտք կոխած չէր։
4 Ո՞վ է ասիկա գործողն ու ընողը Ու ազգերը սկիզբէն կանչողը։ Ես, Տէրս, որ առաջինն եմ Ու վերջիններուն հետ պիտի ըլլամ։
5 Կղզիները տեսան ու վախցան, Երկրին ծայրերը դողացին, Անոնք հաւաքուեցան ու մօտեցան։
6 Ամէն մէկը իր ընկերին օգնեց, Ամէն մարդ իր ընկերին «Զօրացի՛ր», ըսաւ։
7 Արուեստագէտը՝ ոսկերիչին, Ուռով ծեծողը սալի վրայ զարնողին սիրտ կու տայ Ու կ’ըսէ. «Ասիկա փակցնելու համար աղէկ է»։ Եւ զանիկա գամերով կը գամէ, որպէս զի չշարժի։
8 Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ Իմ ընտրեալս Յակո՛բ, Իմ սիրելիիս՝ Աբրահամին՝ սերունդը,
9 Որ երկրի ծայրերէն առի, Քեզ անոր եզերքներէն կանչեցի Եւ քեզի ըսի. «Դուն իմ ծառաս ես, Քեզ ընտրեցի ու չմերժեցի»։
10 Մի՛ վախնար, քանզի ես հիմա քեզի հետ եմ. Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ Ու իմ արդարութեանս աջովը քեզ պիտի բռնեմ։
11 Ահա քեզի դէմ ամէն բարկացողները Պիտի ամչնան ու պիտի պատկառին Ու քեզի հետ վիճող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան ու պիտի կորսուին։
12 Քեզի հետ կռուող մարդիկը Պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես. Քեզի հետ պատերազմող մարդիկը Չեղածի պէս պիտի ըլլան։
13 Քանզի ես քու Տէր Աստուածդ եմ, Որ քու աջ ձեռքէդ կը բռնեմ ու քեզի կ’ըսեմ. «Մի՛ վախնար, ես քեզի պիտի օգնեմ»։
14 Ո՛վ Յակոբի որդի, մի՛ վախնար, Ո՛վ Իսրայէլի մահկանացուներ, Ձեզի պիտի օգնեմ, կ’ըսէ Տէրը Ու Իսրայէլի Սուրբը, քու Փրկիչդ։
15 Ահա ես քեզ նոր, սուր եւ ատամնաւոր կամնասայլի պէս պիտի ընեմ։ Լեռները պիտի մանրես ու փշրես Եւ բլուրները մղեղի պիտի դարձնես.
16 Զանոնք պիտի հոսես ու հովը զանոնք պիտի տանի Եւ փոթորիկը զանոնք պիտի ցրուէ Ու դուն Տէրոջմով պիտի ցնծաս, Իսրայէլի Սուրբովը պիտի պարծենաս։
17 Աղքատներն ու տնանկները ջուր կը փնտռեն, բայց չկայ. Անոնց լեզուն ծարաւէն չորցեր է. Ես Տէրս անոնց խնդրուածքին պիտի պատասխանեմ։ Ես, Իսրայէլի Աստուածը, զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ։
18 Բարձր տեղերու վրայ՝ գետեր Ու հովիտներու մէջ աղբիւրներ պիտի բանամ. Անապատը՝ ջուրի լճի Ու չոր երկիրը ջուրի աղբիւրներու պիտի դարձնեմ։
19 Անապատին մէջ եղեւին, Սատիմ, մրտենի եւ իւղի ծառ պիտի տնկեմ, Անջուր երկրին մէջ մայրի, Սօսի ու տօսախ մէկտեղ պիտի դնեմ,
20 Որպէս զի տեսնեն ու գիտնան Ու մէկտեղ մտածեն ու հասկնան, Թէ ասիկա Տէրոջը ձեռքը ըրաւ Ու Իսրայէլի սուրբը ստեղծեց։
21 «Ձեր դատը յառա՛ջ բերէք», կ’ըսէ Տէրը. «Ձեր զօրաւոր փաստերը մօտեցուցէ՛ք», կ’ըսէ Յակոբին Թագաւորը։
22 Թող մօտեցնեն ու ինչ ըլլալիքը մեզի պատմեն. Առաջինները մեզի պատմեն թէ անոնք ի՛նչ էին, Որպէս զի մտքերնիս պահենք ու անոնց վախճանը գիտնանք, Կամ ապագայ բաները մեզի գիտցնեն։
23 Ասկէ ետքը ըլլալիքները պատմեցէ՛ք, Որպէս զի ձեր աստուած ըլլալը գիտնանք. Կա՛մ աղէկ կա՛մ գէշ բան մը ըրէք, Որպէս զի զարմանանք ու մէկտեղ տեսնենք։
24 Ահա դուք ոչինչ էք, ձեր գործն ալ ոչինչ է։ Ձեզ ընտրողը գարշելի է։
25 Հիւսիսի կողմէն մէկը արթնցուցի Եւ պիտի գայ ու արեւելքէն իմ անունս պիտի կանչէ Եւ իշխանները տիղմի պէս պիտի կոխկռտէ, Ինչպէս բրուտը կաւը կը կոխկռտէ։
26 Ո՞վ պատմեց սկիզբէն՝ որ գիտնանք Ու առաջուան դարերէն՝ որ «Ճշմարիտ է», ըսենք. Ո՛չ յայտնող մը կայ, ո՛չ գիտցնող մը Եւ ո՛չ ալ ձեր խօսքերուն մտիկ ընող մը։
27 Առաջ ես զայն ըսի Սիօնին Ու Երուսաղէմին աւետիս բերող մը տուի։
28 Եւ նայեցաւ ու մարդ մը չկար, Բնաւ խորհրդական մը չկար, Որուն հարցնէի, որ պատասխան տար։
29 Ահա ամէնքը սնոտի են, գործերնին ոչինչ է. Անոնց ձուլածոյ կուռքերը պարապ հով են։